Skip to main content
search
Uncategorized

Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի` «Հրաշափառ Ծննդեան Փառահեղ Աւետում» Համերգը Ս. Ծննդեան Խորհուրդի Աննախընթաց Հրավառութիւն Մը

By May 20, 2023May 20th, 2024No Comments

Չորեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2023-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային Առաջնորդարանի, հովանաւորութեամբ «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ ծննդեան փառահեղ աւետում» ընդհանուր խորագիրը կրող բազմաբովանդակ համերգ, մասնակցութեամբ մասնագէտ երգիչ-երգիչներու, նուագողներու, պարմանուհիներու եւ աշակերտներու, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Հ. Հ. վաստակաւոր արթիսթ, արուեստագէտ Պերճ Քիրազեանի:

Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ ծնունդին նուիրուած երգեցիկ այս ձեռնարկը՝ մարդկութեան պատմութեան մէջ իր տեսակին մէջ իւրօրինակ «աւետում»ի փառահեղութեամբ մատուցուեցաւ եկեղեցին լեցուցած աւելի քան հազար հայորդիներու, որոնց շարքին էին՝ Լոս Անճելըսի մէջ նորանշանակ Հ.Հ. գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Կարէն Իսրայէլեան, Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց դասը, Ազգային վարչութեան եւ Կեդրոնական անդամներ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը, բարերարներ, բարեկամներ, արուեստագէտներ եւ երաժշտասէր հոծ բազմութիւն մը, որոնք մօտաւորապէս երկու ժամ ըմբոշխնեցին հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր երաժշտութեան գոհարներ, Ս. Ծննդեան նուիրուած հայերէն եւ անգլերէն երգեր, միջազգային դասական երաժշտութեան գլուխ-գործոցներ եւ երկարատեւ ծափողջոյններով գնահատեցին եկեղեցւոյ դասին մէջ խմբուած երգողներն ու նուագողները, որոնք իրենց ամբողջական կատարումներով ոսկեման գոյնզգոյն համերգի մը բերկրանքը շռայլեցին ներկաներուն, երգեհոնի վրայ Արմինէ Տէրտէրեանի, ապա, դաշնամուրի վրայ վերջինիս եւ Հռիփսիմէ Ռշտունիի փոխն ի փոխ նուագակցութեամբ, որ շարունակուեցաւ մինչեւ համերգի աւարտ:

Իրօք որ կազմակերպական առումով բաւականին բարդ ծրագիր էր ներկայացուածը. տարբեր տարիքի ու գոյնի երգիչներ եւ երաժշտութիւն այնպիսի ներդաշնակութեամբ մը ամբողջացուցին զիրար, որ երկինք ու երկիր միասնաբար ցնծացին՝ ստեղծուած հրաշալի պատկերին առաջ: Տօնական օրերու յատուկ զարդարանքներով բծախնդրօրէն պճնուած եկեղեցւոյ դասը եթերային տեսք ունէր, երբ երաժիշտներ Արտաշէս Սինանեան (վիպրաֆոն), Արմենակ Գրիգորեան (հարուածային) եւ Էմմանուէլ Յովհաննիսեան (տուտուկ) Չայքովսքիէն հնչեցուցին նուագներ, որոնց աւարտին եկեղեցւոյ ներքին ու արտաքին դուռերէն մուտք գործեցին Համազգայինի «Նայիրեան» երգչախումբի պարմանուհիները, ապա անոնց առջեւ քով-քովի շարուեցան փոքրիկ «հրեշտակ»ները՝ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանի երկրորդ դասարանի աշակերտները՝ մոմեր ի ձեռին, եւ մասնակից դարձան «Նայիրեան»ի երգեցողութեան, իրենց անմեղ ժպիտներն ու ինքնավստահ հնչիւնները միախառնելով զմայլական երանութեամբ դէպի դասը սեւեռած բազմահարիւր նայուածքներու:

Այդ պահուն դահլիճ ու դաս նման էին ծնող-զաւակ միութեան: Կարծես Բեթլեհէմի անկրկնելի գիշերն էր մեր առաջ, յատկապէս երբ պարմանուհիները շքեղօրէն մատուցեցին Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը մարդկութեան աւետով երկլեզու երգեր՝ մերթ աշակերտներու մասնակցութեամբ, մերթ ալ առանձինն՝ յաջորդաբար մեկնաբանելով «Լուռ գիշեր», «Առաջին Կաղանդը», «Ուրախութիւն աշխարհին», «Ցնծագին, ցնծագին», «Լսեցէք կ՛երգեն հրեշտակք» եւ «Տինկ-տոնկ»՝ Կրուպերի, Ուիլիըմզի, Հենտըլի, Պէքի, Մենտըլսընի եւ Ամիրխանեանի յօրինումներէն, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Լուսինէ Մելիքսէթեանի, որ մինչեւ վերջին երգը՝ իրեն յատուկ խմբավարի սքանչական խանդավառութեամբ լեցուց դաս ու դահլիճ:

Յետոյ եկան «մեծ»երը՝ «աւետման երգիչ»ները. Սուրէն Սրկ. Հազարեան, Վահագն Հովենց, Յովհաննէս Պալեան, Վարդան Պալթայեան, Արման Բեգլարեան, Անտրէ Կարապետեան եւ Պերճ Քիրազեան (նաեւ՝ խմբավար), որոնք Քրիստոսի ծննդեան լուրը աւետեցին՝ հայոց հոգեւոր երաժշտութեան ամէնէն ճոխ ու փարթամ շարականներու ընդմէջէն, երբ ձայնային առնական գունագեղ հզօրանքով մեկնաբանեցին «Օրհնեցէք, գովեցէք», «Խորհուրդ մեծ», «Զանճառելի լուսոյ մայր», «Ով զարմանալի» եւ «Այսօր ձայնն հայրական»ը, որոնց բարձրաթռիչ ու խորաթափանց խազերուն հետ մերթ ներկաները բարձրացան երկինք, մերթ ալ վերադարձան Աստուծոյ տուն, Ս. Ծննդեան խորհուրդը իրենց հոգիներուն մէջ ամբարած…

Համերգի վերջին բաժինով երաժիշտները յաջորդաբար նուագեցին Արամ Խաչատուրեանի «Ուզուն տարա»ն, «Վարդագոյն աղջիկներու պարը» եւ «Սուսերու պար»ը, ապա Ս. Ծննդեան հեքիաթային մթնոլորտին եկան աւելնալու կեանքի մեծերը՝ միջազգային դասականները, օփերային հրաշք-մեներգիչներ Անահիտ Ներսիսեանի, Արմինէ Վարդանեանի, Նաթալի Պիիւքեանսի, Վահագն Հովենցի եւ Պերճ Քիրազեանի աստուածատուր շնորհալի ներկայացումներով, ուր ձայնային մշակուած տուեալներ, խորիմաստ կատարումներ, դիմագծային պատշաճ արտայայտութիւններ եւ բեմական զգլխիչ կեցուածքներ նոր տեսակի բարձունքի հասցուցին ներկաներուն ապրումները, զանոնք փոխադրելով կեանքէն աւելի բարձր՝ գեղարուեստական հմտութեանց աննախընթաց հանդիսավայր մը, ուր մէկը միւսը գերազանցող մարդկային մեծանուն ստեղծագործութեանց թրթռուն դերերգերու ընդմէջէն անոնք իրարու ետեւէ եւ միասնաբար հնչեցուցին զրնգուն, թաւշային, վեհ, խորաթափանց ու երգեցիկ ուրախ երգեր՝ եկեղեցւոյ դասը վերածելով օփերեթիք շքեղ սրահի՝ Շուպերթի «Ավէ Մարիա»յով, Օֆընպախի «Պուպրիկի երգ»ով, Վիարտոյի «Քանզոնեթթա»յով, Ֆրանքի «Փանիս Անճելիքուս»ով, Տվորաքի «Լուսնի երգ»ով, Լարայի «Կրանատա»յով, Աուպերի «Խնդուքի երգ»ով, Վերտիի «Արիա Վիոլեթթա»յով, Արտիթի «Համբոյր»ով, Տի Քափուայի «Օ Սոլէ Միո»յով, Վերտիի «Պրինտիսի»ով… ու պահը վերածուեցաւ դրախտային երգարանի՝ աւելի՛ գեղեցիկին, աւելի՛ կատարեալին, աւելի՛ աստուածայինին մատչելու ապրշումի թելերով բանուած: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս իր եզրափակիչ խօսքին մէջ դիտել տուաւ Առաջնորդ Սրբազանը, դրախտային կոչելով երեկոն:

Արդարեւ, Թորգոմ Եպսիսկոպոսի խօսքը եկաւ ամբողջացնելու համերգի ղեկավար Քիրազեանի երախտագիտական արտայայտութիւնները, որոնք ուղղուած էին ներկաներուն, եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին, փորձերու համար իրենց սրահները ձրի տրամադրած կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու, համերգի հովանաւոր «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամին, անհատ կամաւորներու, Ազգ. վարչութեան, Ազգ. Առաջնորդարանի անձնակազմին ու մանաւանդ Առաջնորդ Սրբազանին, որուն աչալուրջ հսկողութեան եւ կատարելապաշտ ոգիին շնորհիւ է, որ սկիզբ առին ու կը շարունակուին բարձրամակարդակ այս համերգները՝ դիտել տուաւ ղեկավարը:

Առաջնորդ Սրբազանի խօսքը Հոգեւորին իմաստութեան եւ մարդկային կեանքի բարիքներուն նախանձախնդիր ըլլալու կոչ մըն էր, երբ ան իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց փոքրէն մեծ՝ Ազգ. վարժարանի սաներուն գլխու թագերուն վրայ դաջուած՝ «հաւատք, յոյս, սէր» բառերը իբրեւ բնաբան վերցնելով: Մեր կեանքին մէջ հաւատքը պէտք է խարսխուած ըլլայ Յիսուս անուն ճշմարտութեան վրայ, Քրիստոսի ծննդեան խորհուրդին ընդմէջէն մեր հոգիները լայն բանանք յոյսին, որպէսզի մեր կեանքը ողողուի յուսավառ նոր հորիզոններով, մինչ այսօրուան օրհներգութիւններն ու շարականները եւ երաժշտական կատարումները սիրոյ շատրուաններ ցայտեցուցին մեր կեանքին մէջ, որպէսզի չկորսնցնենք մեծագոյն սէրը՝ Աստուած եւ մեր նայուածքը դէպի Արեւելք դարձնենք՝ միշտ ունենալու համար այն աստղը, որ Յիսուսի ծննդեան բերկրութիւնը շնորհեց մեղապարտ մարդկութեան՝ իբրեւ Աստուծոյ կողմէ մարդուն նկատմամբ գերագոյն սիրոյ արտայայտութիւն, ըսաւ ան:

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը մէկ առ մէկ գնահատեց բոլոր երգողներն ու երաժիշտները, Համազգայինի մշակութային ներդրումն ու «Նայիրեան» երգչախումբը, Ազգ. վարժարանն ու մանուկ աշակերտները եւ համերգի պատրաստութեան աշխատանքներուն մէջ իրենց անմնացորդ ծառայութիւնը բերած հոգեւորականներն ու պատասխանատուները եւ անհատ նուիրեալներ, միաժամանակ յիշելով «Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան» հիմնադրամի հաստատման հանգամանքն ու Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի եւ իր զաւակներուն նուիրուածութիւնը:

Հուսկ, ծափողջոյններու տարափին տակ դաս ու դահլիճ «Այսօր տօն է Ս. Ծննդեան» հոգեւոր երգը երգեցին եւ աւետիս տուին իրարու, ապա Առաջնորդ Սրբազանի «Պահպանիչ»ով ամրացած եւ Ս. Ծննդեան խորհուրդով հրավառ մեկնեցան իրենց տուները:

Close Menu

Categories