
Կիրակի, 24 Սեպտեմբեր 2023-ի երեկոյեան, տնօրինութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի, խնդրանքով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, ներկայութեամբ Բերիոյ Թեմի նախկին առաջնորդներ՝ Գերշ. Տ. Սուրէն Ս. Արք. Գաթարոյեանի եւ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի ձեռամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշաններ յանձնուեցան Տէր եւ Տիկին Կարօ եւ Մայտա Գլըճեանի եւ Տէր եւ Տիկին Տիրան եւ Սօսի Գլըճեանի՝ Բերիոյ Թեմէն ներս անցնող տասնամեակներուն իրենց բերած զանազան ծառայութեանց համար: