«Իմ ապաստանս ու ապաւէնս ես, ո՜վ Աստուած. ես Քեզի կը վստահիմ» (Սղ. 91.2)
Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս 2020-ի երեկոյեան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցած ահաւոր պայթումներուն հետեւանքով, անգամ մը եւս ցնցում ապրեցան Լիբանանն ու Լիբանանահայ մեր գաղութը, մեր սիրտերը դարձեալ վիշտով ու տխրութեամբ լեցուեցան՝ ի լուր նորագոյն այս աղէտին հետեւանքով զոհուած ու վիրաւորուած անմեղ ժողովուրդին։ Պէյրութ քաղաքն ու շրջակայքը ենթարկուած են հսկայական քանդումներու եւ նիւթական վնասներու։ Կան հարիւրաւոր զոհեր, հազարաւոր վիրաւորներ. վնասներ կրած են Կաթողիկոսարանը, եկեղեցիներ, դպրոցներ, հայ կեդրոններ ու գործատեղիներ եւ քանդուած են մեծաթիւ բնակարաններ։ Պէյրութը հռչակուած է «Աղէտեալ Գօտի»։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, դէպքէն անմիջապէս ետք, Ազգ. Առաջնորդարանի դիմատետրով հրապարակած իր յայտարարութեամբ աղօթք բարձրացուց առ ամենողորմ Աստուած զոհուածներու հոգիներուն համար հանգիստ եւ խաղաղութիւն խնդրելու, բժշկութիւն եւ առողջութիւն՝ վիրաւորներուն, ուժ ու կորով մեր ժողովուրդի զաւակներուն շրջանցելու այս աղէտը եւս, նշելով. «Մեր աղօթքներով կը միանանք մեր հարազատներուն, եւ խնդրամատոյց կ՛ըլլանք առ Աստուած, որպէսզի խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարութիւն հաստատէ Պէյրութի մէջ թէ ամէնուրեք, եւ խնայէ մեր ժողովուրդին»։
Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ հաղորդակցութեան մէջ մտաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ, եւ յանուն Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն, Կրօնական Ժողովին, Ազգային Վարչութեան, հաւատացեալ ժողովուրդին եւ անձնապէս պատրաստակամութիւն ու զօրակցութիւն յայտնեց միասնաբար յաղթահարելու ճգնաժամային իրավիճակն ու Լիբանանը հարուածող այս նոր մարտահրաւէրը։
Վեհափառ Հայրապետը Կաթողիկոսարանի կայքէջով հրապարակեց իր կոչը՝ հրաւիրելով աշխարհասփիւռ բոլոր հայ գաղութները համագաղութային մաշտապով աշխատանքի լծուելու եւ հաւաքական զօրակցութիւն ապահովելու՝ ի նպաստ Լիբանանահայ համայնքին։ Նորին Սրբութեան ցուցմունքով, ստեղծուած է Համայնքային Շտապ Յանձնախումբ՝ բաղկացած Լիբանանահայ գլխաւոր համայնքային, կրօնական, քաղաքական եւ բարեգործական կազմակերպութիւններէն՝ նախագահութեամբ Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեանի։
Վեհափառ Հայրապետի կոչին ընդառաջ, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը աշխատանքի լծուեցաւ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Արեւմտեան մեր Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանը եւ դրամահաւաք յայտարարեց Լիբանանի մէջ տուժած մեր հայրենակիցներու օժանդակութեան համար։
Համահայկական Խորհուրդի նախաձեռնած հանգանակային արշաւէն գոյացած գումարը Ազգ. Առաջնորդարանին միջոցաւ պիտի փոխանցուի Կաթողիկոսարան, որպէսզի անմիջապէս յատկացուի Լիբանանի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։
Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել առցանց՝ www.hyeaidlebanon.org, www.facebook.com/hyeaidlebanon հասցէներուն միջոցաւ, կամ հեռաձայնելով 818-660-5453 թիւին։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ կ՛ուղղէ մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, մասնակցելու հանգանակային այս արշաւին, եւ ինչպէս անցեալին, անգամ մը եւս անվերապահ զօրակցութիւն յայտնելու սփիւռքի կարեւոր մէկ օղակը հանդիսացող Լիբանանի մեր գաղութին, որ այս օրերուն աւելի քան երբեք կը տուայտի նորօրինակ տագնապի մէջ։