Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին մաս կազմող կրօնական, քաղաքական եւ հասարակական 24 կազմակերպութիւնները խորհուրդին անունով Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւըն Նիուսըմին յղեցին նամակ մը , որուն մէջ անոնք խոր հիասթափութիւն կը յայտնեն Համբիկ Սասունեանի բանտէն ազատ արձակումը արգելակող՝ նահանգապետին տուած որոշումին գծով:
Խորհուրդը նամակին մէջ կը նշէ, որ մարդասիդական եւ իրաւական բազմաթիւ սկզբունքներէ մեկնած՝ Սասունեանի ազատ արձակումը արգելակող նահանգապետին որոշումը անհասկնալի եւ անընդունելի է:
Նամակին աւարտին, խորհուրդը կոչ կ՛ընէ նահանգապետին՝ մարդասիրական եւ արդար կեցուածք ցուցաբերելու, երբ Սասունեանի ազատ արձակման թղթածրարը մօտիկ ապագային դարձեալ իր սեղանին գայ: Խորհուրդը նաեւ նահանգապետին հետ հանդիպելու դիմում մը կ՛ընէ, անձամբ քննելու համար այս հարցը: