Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակին Առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագեց Ս. Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

By April 27, 2021June 11th, 2024No Comments

Ուրբաթ, 23 Ապրիլ 2021ի երեկոյեան ժամը 7ին, Պըրպէնքի Ս. Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի հոգեւոր չորս համայնքապետերու մասնակցութեամբ Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ Բարեխօսական կարգ՝ ի յարգանս Հայոց Ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներու յիշատակին: Պատարագը մատոյց Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան եւ այս առիթով խօսած իր պատգամին մէջ վեր առաւ երկու խորհրդածութիւն: Առաջին՝ «չլռել՝ վասն արդարութեան», երկրորդ՝ «չբաժնուիլ՝ վասն հզօրութեան», դիտել տալով, որ հայ ժողովուրդի իրարայաջորդ սերունդները տասնամեակներ շարունակ ոչ միայն չլռեցին, այլեւ անդադրում ճիգով խօսեցան, պատմեցին ու վերապատմեցին Օսմանեան կայսրութեան գործադրած Ցեղասպանութեան մասին. «Մենք չլռեցինք ոչ միայն խօսքի ճամբով, այլեւ չլռեցինք գործով, մեր ընթացքով, մեր վերաբերումով, մեր մտածելակերպով, չլռեցինք ու քալեցինք եւ ահա հասանք այստեղ. տեսանք 100ամեակ, տեսանք սրբադասումը մեր նահատակներուն եւ տակաւին կը շարունակենք քալել, որովհետեւ լռելու իրաւունք չունինք, եւ Տանթէին պէս կը հաւատանք, որ անոնք, որոնք լուռ կը մնան կեանքի մէջ գործուած անարդարութիւններուն դէմ, կը դատապարտուին այրելու դժոխքին ճիշդ կեդրոնը»: Ապա պատգամաբեր Սրբազան Հայրը ընդգծեց հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ միութիւն դառնալու հրամայականը, բազմակարծութիւն՝ վասն յառաջդիմութեան, ազատ մտածելու իրաւունք՝ վասն շինիչ քննադատութեան, մէջբերելով Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոս Հայրապետին՝ «միութիւն ի կարեւորս, ազատութիւն յերկաբայականս եւ սէր յամենայնի» ոսկեայ յորդորը եւ խօսքը եզրափակեց՝ ըսելով. «Ես այսօր կ՛ուզեմ տեսնել խաղաղութեան եւ օրհնութեան ծիածանը, որ կը նետուի Ծիծեռնակաբերդէն մինչեւ Ս. Էջմիածին, Ս. Էջմիածինէն մինչեւ Անթլիլիաս, Անթիլիասէն մինչեւ Եւրոպա, Ամերիկա եւ աշխարհի բոլոր հայաշատ ոստաններուն մէջ, ուր այսօր մենք իբրեւ մէկ ազգ կը քալենք՝ մեր սուրբ մարտիրոսներուն եւ նահատակներուն ճամբայէն, Յարութեան տեսիլքը մեր հոգիներուն մէջ»:

Այնուհետեւ, յաջորդաբար իրենց պատգամները փոխանցեցին Հիւսիսային Ամերիկայի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ՝ Գերպծ. Տ. Միքայէլ Եպս. Մուրատեան, Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու միութեան հովիւ Վեր. Պերճ Ճամպազեան եւ Արեւմտեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Ս. Արք. Տէրտէրեան, Սրբոց նահատակաց յիշատակին ձօնուած միացեալ Պատարագն ու Բարեխօսական կարգը վերածելով Յարուցեալ Քրիստոսի վրայ ամրացած հաւատքի ու սիրոյ վերածաղկման եւ քրիստոնէական արժէքներու վերանորոգման օրհնեալ պահի: Յայտնենք, որ չորս համայնքապետերուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 106ամեակի նուիրուած պատգամ-ները ամփոփուած էին այս առիթով հրատարակուած գրքոյկի մը մէջ, որմէ օրինակներ բաժնուեցան ներկաներուն:

Նշենք, որ յաջորդ օրը՝ 24 Ապրիլ 2021ի առաւօտեան ժամը 10ին, Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին առջեւ, չորս համայնքապետերը կատարեցին Բարեխօսական աղօթք՝ նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:

Close Menu

Categories