Կիրակի, 28 Մայիս 2023-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Հոգեգալստեան եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան զոյգ տօներուն առիթով հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ Հանրապետական մաղթանք կատարեց Քրեսենթա Հովիտի Ս. Տրդատ եւ Աշխէն մատուռի՝ եկեղեցւոյ վերածուած սրահին մէջ, աղօթակից ունենալով շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեանն ու Արժ. Տ. Արտակ Աւ. Քհնյ. Տէմիրճեանը, սարկաւագներ եւ դպիրներ:
Սրբազան արարողութեան ներկայ եղան Ազգային եւ Կեդրոնական վարչութեանց, շրջանի պատկան մարմինի ներկայացուցիչներ, բարերարներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ, որոնք ապրեցան հոգեւոր եւ ազգային իմաստով հոգեպարար պահ մը՝ Աստուծոյ տան մէջ եւ Իր բարեգութ հովանիին ներքեւ:
Սրտառուչ էր մանաւանդ Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը, որ լսուեցաւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու միջոցով եկեղեցի մուտք գործած Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ դրօշակներու օրհնութեան առիթով: Ան իր խօսքին մէջ վեր առաւ Հայաստանի անկախութեան տօնն ու նահատակութեան գնով հայրենիք պահելու անցեալ դարու հայ սերունդներու հաւատքն ու պայքարի ոգին՝ ընդդէմ Ցեղասպան թուրք պետութեան եւ անոր հայաստանակուլ գրոհներուն, յորդորելով համայն հայութիւնը, որ եղբայրաբար ու միասնական կեցուածքով դիմագրաւեն մերօրեայ մարտահրաւէրները՝ Հայաստան, Արցախ եւ Սփիւռք:
Մայիսեան փառահեղ տօնի նշումը իր աւարտին հասաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի միահամուռ երգեցողութեամբ: