Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ղպտիներու Առաջնորդը Այցելեց Թորգոմ Եպս. Տօնոյեանի

By January 12, 2022June 2nd, 2024No Comments

Երեքշաբթի, 11 Յունուար 2022-ի յետմիջօրէին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ եւ Հաուայի ղպտիներու Առաջնորդ՝ Սերաֆիոն Եպիսկոպոս, Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առիթով եղբայրական շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Ազգային Առաջնորդարան եւ մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի հետ:

Բարի գալուստի խօսքին մէջ, Թորգոմ Եպս. անդրադարձ կատարեց հայ եւ ղպտի եկեղեցիներու դարաւոր եղբայրութեան եւ երկու ժողովրդեանց հաւատքի միութեան մասին՝ աղօթելով, որ երկու ժողովուրդները միշտ կապուած մնան իրենց քրիստոնէական սկզբունքներուն եւ արժէքներուն:

Իր կարգին, Սերաֆիոն Եպս. շնորհակալութիւն յայտնեց Ազգ. Առաջնորդարան իր կատարած այցելութեան գծով, ապա վեր առաւ հայ եւ ղպտի եկեղեցիներու անցեալ դարերու համագործակցութեան ոգին, իսկ ապագայի նկատմամբ շեշտեց միացեալ յաջողութիւններ արձանագրելու կարեւորութիւնը, վասն Քրիստոնեայ Եկեղեցւոյ անսասանութեան:

Close Menu

Categories