Skip to main content
search
Գլխաւոր էջ (Լուրերու լուսարձակ)Գլխաւոր Լուրեր

«Մեր Մաղթանքն Է, Որ Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի՝ Բանտարկեալներու Ուղղուած Ծառայութիւնը Վերածուի Հաստատութենական Կառոյցի», Ըսաւ Գեղամ Արքեպիսկոպոս

By November 20, 2024No Comments

Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը Բարշ. Րաֆֆի Սրկ. Կարապետեանի, որ 1994-էն ի վեր Արեւմտեան Թեմի անցեալ եւ ներկայ Առաջնորդ Սրբազաններու տնօրինումով, Գալիֆորնիոյ նահանգի հայ բանտարկեալներուն կը մատուցէ հոգեւոր եւ բարոյախօսական ծառայութիւն՝ քրիստոնէական իր յանձնառու պարտաւորութիւնը լաւագոյնս արժեւորելով աստուածահաճոյ այս իւրայատուկ ծառայութեամբ:

Հանդիպման ընթացքին Րաֆֆի Սարկաւագ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Գեղամ Արքեպիսկոպոսի Առաջնորդ ընտրութեան առիթով, ապա բանտեր իր այցելութիւններուն մասին տուաւ տեղեկութիւններ, որոնց լոյսին տակ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մեծապէս գնահատեց իր այցելուին ծառայութիւնը իր նմաններուն, որոնք դժբախտաբար, այս կամ այն պատճառով այսօր յայտնուած են մարդկային կեանքի ամենածանր էջերէն մէկուն վրայ եւ ընդգծեց, որ Րաֆֆի Սարկաւագի՝ լուսարձակներէ հեռու եւ անաղմուկ այս ծառայութիւնը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մօտ մեծ արժէք ունի, որովհետեւ Յիսուս աշխարհ եկաւ մեղաւորները փրկելու, իսկ Սարկաւագ եղբօր այս ծառայութիւնը Աստուծոյ փրկագործական ծրագիրին մէկ կարեւոր օղակը կը կազմէ այս կեանքին մէջ:

Իր խօսքին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ծանրացաւ նաեւ հայ բանտարկեալներու ուղղուած քրիստոնէավայել այս ծառայութիւնը սիրողականէն մասնագիտականի բարձրացնելու կարեւորութեան վրայ եւ այս առումով փափաք յայտնեց, որ Ազգ. Առաջնորդարանի առաքելատիպ այս ծառայութիւնը վերածուի հաստատութենական կառոյցի, պատրաստուին ծառայութիւնը շարունակող նոր նուիրեալներ եւ հոգեւոր-բարոյախօսականին կողքին նաեւ մշակուին հոգեբանական, մարդկային, ընկերային եւ այլ տեսակի կարիքներու գոհացում տուող ծառայական աշխատանքներ:

Հանդիպման աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս ուժ եւ կորով մաղթեց Սարկաւագ Կարապետեանի, բարի ազատում՝ աշխարհի բոլոր հայ բանտարկեալներուն, ապա բոլորին յղեց իր հայրական օրհնութիւնները՝ վերականգնումի բարեմաղթութիւններով:

Close Menu

Categories