Կիրակի, 16 Յունիս 2024-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց անդրանիկ Ս. եւ անմահ Պատարագ եւ աւուր պատշաճի քարոզեց՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի եւ Միացեալ նահանգներու մէջ Հայրերու տօնին առիթով:
Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, սարկաւագներ եւ երգեցիկ խումբը, գլխաւորութեամբ դպրապետ Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան, անդամ եւ ծուխի Ազգ. երեսփոխան՝ Տիար Սարգիս Թաթիկեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Մելքոն Ճիվելէկեան, հարազատներ, բարերարներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ:
Առաջնորդ Սրբազան Հօր հոգեպարար պատգամը կը բաղկանար երկու մասէ: Ան առաջին հերթին անդրադարձաւ Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարաց Գիւտի տօնին եւ նշեց, որ այս տօնը ուղղակիօրէն կապ ունի առաջին Կաթողիկոս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներուն հետ՝ դիտել տալով, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարները իւրայատուկ տեղ ունեցան Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ անոր Ս. Աջը մնայուն ներգործութեան աղբիւր եւ հայ եկեղեցւոյ իշխանութեան վաւերականութեան խորհրդանիշ հանդիսացաւ:
Միւս կողմէ, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց նաեւ հայրութեան կերպարի կարեւորութիւնը մարդկային կեանքին մէջ եւ վեր առաւ հայրական յատկանիշները՝ իբրեւ գորովագութ ու հոգատար, խնամասէր եւ վեհանձն ու իր ընտանիքին ապահովութեան եւ յառաջդիմութեան երաշխիք եւ միաժամանակ ընդգծեց Հոգեւոր հօր կերպարը մարդ արարածի Հաւատքի կեանքի մէջ՝ յատկապէս մարդը իր Աստուծոյն մօտեցնելու առումով:
Պատգամի աւարտին, Գեղամ Արքեպիսկոպոս շնորհաւորեց եկեղեցական եւ աշխարհիկ հայրերու եւ մեծ հայրերու տօնը եւ իր սրտագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեց բոլորին: Այնուհետեւ ան շքերթին հետ ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ եւ հատեց բարի գալուստի կարկանդակը, ապա այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ կարկանդակը ձօնեց Ազգային վարչութեան ու յարակից մարմիններու, «որովհետեւ անոնք հայրաբար կը հոգան Թեմին ընդհանրական շահերը», ըսաւ ան: