Ուրբաթ, 8 Դեկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներուն, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Եղբ. Աւօ Կաբակչուզեանի: Անոնք եկած էին Առաջնորդ Սրբազանին հայրական օրհնութիւնները ստանալու, Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներու նախօրեակին:
Հոգեւոր եղբայրներու միջեւ ծաւալած ջերմ ու մտերմիկ զրոյցի ընթացքին Թորգոմ Եպիսկոպոս ընդգծեց Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան բերած հոգեւոր, ընկերային եւ մարդասիրական նպաստին կարեւորութիւնը հայ գաղութի կեանքէն ներս եւ իր խօսքը աւարտեց՝ ըսելով. «Որպէս Առաջնորդ մենք կը զօրակցինք Հայց. Առաքելական Եկեղեցասիրաց Եղբայրակցութեան ծրագիրներուն»:
Եղբ. Կաբակչուզեան, իր կարգին, երախտագիտական խօսքերով դիմեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ցուցաբերուած ուշադրութեան համար, ապա, Առաջնորդ Սրբազանի առաջարկին ընդառաջ, ներկայացուց Եղբայրակցութեան յառաջիկայ ծրագիրները, որոնց առիթով Թորգոմ Եպիսկոպոս կատարեց անհրաժեշտ ցուցմունքներ եւ խրախուսեց ներկաները իրենց եկեղեցանուէր գործունէութիւնը անխափան շարունակելու առումով:
Հուսկ, այցելուները Առաջնորդ Սրբազանին յանձնեցին իրենց սրտի նուէրը՝ վասն Ազգ. Առաջնորդարանի գործոց յաջողութեան, եւ բարձր տրամադրութեամբ մեկնեցան Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր կեդրոնէն: