
Ինչպէս ծանօթ է, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2020 տարին հռչակած է «Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի»։
Կիրակի, 12 Յունուար 2020-ին, Վեհափառ Հայրապետին պատգամը պիտի ընթերցուի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. Պատարագին, ինչպէս նաեւ Թեմիս եկեղեցիներուն մէջ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին ու ներկայ հաւատացեալները հաղորդակից պիտի դարձնէ Նորին Սրբութեան պատգամին եւ միաժամանակ կոչ պիտի ուղղէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն գործնապէս զօրակցելու խնամքի կարօտ հայորդիներու։
Իսկ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի հանդիսապետէ Նորթ Հոլիտուի եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին ու պիտի ընթերցէ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։