Շաբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2020-ին, Հայոց Եկեղեցին տօնեց Ամենայն Սրբոց տօնը, որ անուանակոչութեան տօնն է Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ։ Այս առթիւ, Կիրակի, 1 Նոյեմբեր 2020-ին, Թեմիս Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան նախագահեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ 57-րդ տարեդարձին նուիրուած Ս. Պատարագին, ինչպէս նաեւ յաւուր պատշաճի քարոզեց եւ մատաղօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց։ Ս․ Պատարագը մատոյց Արժ․ Տ․ Ռազմիկ Աւ․ Քհնյ․ Խաչատուրեան։ Աղօթակից էր նաեւ Գերշ․ Տ․ Եփրեմ Ս․ Արք․ Թապագեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, հոգաբարձական կազմի անդամներ, ազգային երեսփոխաններ, կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզի սկզբնաւորութեան նախ շնորհաւորեց Ս․ Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը՝ Հոգեւոր Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնն ու Դպրաց Դասը, որոնք անշահախնդրօրէն իրենց ծառայութիւնը կը բերեն Աստուծոյ, մեր Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովրդեան։ Ապա Սրբազանը ընդհանուր գիծերու մէջ խօսեցաւ նահատակութեան մասին, դիտել տալով, որ քրիստոնէական աշխարհի առաջին նահատակը Աստուածորդին Ի՛նքն է, որ մեր բոլորին մեղքերուն համար յանձն առաւ խաչ բարձրանալ, նահատակուիլ, որպէսզի մարդս սրբուի իր տեսակաւոր մեղքերէն, նորոգուի հոգեպէս եւ վերահաստատուի իր մարդկային արժէքին մէջ։
Եւ այսպէս, սկսելով Ս․ Թադէոս եւ Ս․ Բարթողիմէոս առաքեալներէն, հասնելով մինչեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն, Սրբազանը ընդգծեց, որ հայորդիք իրենց քրիստոնէական հաւատքին մէջ հաստատ ու անխախտ մնացին, մարտիրոսացան եւ նահատակութեան պսակին արժանացան․ «1915 թուականին մէկուկէս միլիոն հայեր ցեղասպանուեցան, որոնց ի պատիւ 57 տարիներ առաջ կանգնեցաւ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին, որ ցայսօր վկայարան մըն է մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, մասնաւորաբար Արեւմտեան Թեմին։ Ամէն անգամ երբ մուտք գործենք այս Ս․ եկեղեցւոյ դռներէն ներս, կը յիշենք, որ նահատակուած ժողովուրդի մը զաւակներն ենք մենք, ցեղասպանուած ազգի մը հետեւորդներն ու թոռները։ Սակայն մենք չենք տկարացած, այլ նահատակներ տալով հանդերձ՝ շնորհիւ մեր հաւատքին ու ազգային ինքնութեան միշտ եղած ենք եւ պիտի շարունակենք մնալ։ Մեր ազգի զաւակները ցայսօր կը նահատակուին մեր ազգին, հայ հողին, ազգային ինքնութեան, դաւանած հաւատքին ու Փրկիչ Քրիստոսին համար»։
Անդրադառնալով օրուան աւետարանական հատուածին, ուր Քրիստոս կը հաստատէ, թէ մայրն ու եղբայրները անոնք են, որոնք Աստուծոյ կամքը կը կատարեն (Հմմտ․ Մր 3․35), Թորգոմ Եպս․ շեշտեց, որ Քրիստոս մեզմէ իւրաքանչիւրը հրաւիրեց Իր ընտանիքին անդամ մը դառնալու, Իր խօսքերը գործադրելու, Իր անուան ու փառքին համար ապրելու եւ գործելու։ «Քրիստոսի ընտանիքի անդամ դառնալու համար պէտք է զոհողութիւն կատարենք, մեր անձէն բաժին հանենք ուրիշին, մեր ժամանակէն ու նիւթականէն տանք մեր նմանին։ Անցնող օրերու ընթացքին ազգովին Քրիստոսի խօսքը մարմնաւորեցինք մեր կեանքին մէջ եւ մեր առաւելագոյնը տուինք Արցախի ու Հայաստանի ժողովուրդին համար։ Այսօր, որպէս մայրը, եղբայրն ու քոյրը Քրիստոսի, հրաւիրուած ենք աւելի՛ն տալու Քրիստոսի ու մեր հայրենիքին համար»», իր քարոզը եզրափակեց Սրբազան Հայրը։
Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան աղօթք բարձրացուեցաւ Արցախի հողին վրայ իրենց կեանքը զոհած բոլոր նահատակներուն, որոնք «ընկան վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց», ինչպէս նաեւ բոլոր այն նուիրեալներուն, որոնք անսակարկ ծառայեցին Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքէն ներս։
Յետ հոգեհանգստեան արարողութեան, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն, որուն հովանաւորն էր՝ Տիկին Ժանէթ Վարդազարեան, ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Ռազմիկ Վաղտասարեանի։
Արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ «Մեր Հայրենիք»ով։