Երեքշաբթի, 29 Մարտ 2022-ի յետմիջօրէին, կարեւոր հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի: Հանդիպման մասնակիցներն էին Ազգ. վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, ատենադպիր եւ Խնամակալ մարմինի հետ կապ Տիար Ճորճ Չորպաճեան, գանձապահ Դոկտ· Գալուստ Ակոբեան, Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինի ատենապետ իրաւ· Տիար Սարգիս Ուրֆալեան, Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, Հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Յովիկ Պետեւեան, Ս. Նահատակաց Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի Ուսումնական մարմինի ատենապետ Տիար Վահէ Պէնլեան եւ առցանց միացումով՝ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիկին Սօսի Շանլեան:
«Հայկական վարժարանները, հայ սփիւռքի կեանքէն ներս, իրենց ծաւալած գործունէութեամբ եւ իրագործած նպատակներով ե՛ւ քարեղէն, ե՛ւ ոգեղէն անկրկնելի կառոյցներ են, որոնք նման ովասիսի՝ կեանք ու զովութիւն կը շնորհեն մեր նոր սերունդին, զաւակներուն ու թոռներուն: Հայ տղաքն ու աղջիկները հայկականութիւն, քրիստոնէական հաւատք, իմաստութիւն ու գիտութիւն կը ծծեն հայկական վարժարաններէն եւ կը հրաւիրուին մեր ժողովուրդի կեանքի ապագայ ղեկավարութիւնը ստանձնող առաջնորդներ եւ համայնքային կեանքի զանազան բնագաւառներու պատասխատուները դառնալու», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը, բացուած յայտարարելով յոյժ կարեւոր այս հանդիպումը, որուն տուն տուող պատճառը հանդիսացաւ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ կից հողատարածքի գնման ծրագրի գործանականացումը:
Յայտնենք, որ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ համալիրը, ուր կը գործէ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանը, աւելի քան կը կրկնապատկուի իր ծաւալով, Ազգ. Առաջնորդարանի հովանաւորութեամբ եւ տեղւոյն համայնքի նախաձեռնութեամբ ու աշխատանքով ի մօտոյ ձեռք բերելով ներկայ համալիրին անմիջական կից հողատարածքը: Հանդիպման ուրախութիւն յայտնուեցաւ, որ ծրագիրը արդէն մտած է առք ու վաճառքի իրաւական փուլ (Escrow) եւ մինչեւ երկու շաբաթ կը յստականայ արդիւնքը:
Յստակացնենք, որ ամիսներէ ի վեր այս ծիրէն ներս տքնաջան աշխատանք կը տարուի Առաջնորդ Սրբազանին, Ազգ. վարչութեան, տեղական գործող մարմիններու եւ բարերարներու կողմէ, որպէսզի նշեալ ծրագիրը իր լրումին հասնի եւ ակնկալուած յաջողութեամբ պսակուի:
100,000 ՏՈԼԱՐԻ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ՝ ԻԲՐԵՒ ԹԹԽՄՈՐ
«Դպրոցաշինութիւնը մաս կը կազմէ Արեւմտեան Թեմի աւելի քան կէսդարեայ առաքելութեան, որովհետեւ Ազգ. վարժարանները մեր ազգի գոյութեան ամուր կռուաններն են», իր զօրակցական խօսքին մէջ ընդգծեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը՝ աւելցնելով, որ Ազգ. Առաջնորդարանը փափաքեցաւ ժողովուրդն ու համայնքը տեղեակ պահել այս յաղթական ու պայծառ արշալոյսին մասին, որ, յառա՜ջ Աստուած, պիտի բացուի Արեւմտեան Թեմին առջեւ եւ շեշտեց, որ համայնքը դրական կ՛արձագանգէ Ազգ. Առաջնորդարանի այս նոր ձեռքբերումին եւ բարերարներ արդէն իսկ պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զանազան մակարդակներով եւ լիաբուռն իրենց օժանդակութիւնը բերելու մեծածախս այս ծրագրին: Եզրափակելով իր խօսքը՝ Սրբազան Հայրը աւելցուց, որ իբրեւ գործնական զօրակցութիւն, Ազգ. Առաջնորդարանը կը ստանձնէ հարիւր հազար տոլարի ($100,000) առաջին նուիրատուութիւնը կատարելու յանձնառութիւնը, յոյժ ողջունելի այս ծրագրի ի կատար ածման ճամբուն վրայ զայն իբրեւ թթխմոր օգտագործելու համար:
(Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք յառաջիկային)
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ