Հինգշաբթի, 12 Մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ փառատօնային մթնոլորտ կը տիրէր Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, ուր Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հայութեան զօրակցական հանդիսութիւն մը, որուն ներկայ եղան Գերշ. Տ. Եփրեմ Ս. Արք. Թապագեան եւ Թեմէն ներս գործող Հոգեւոր հայրեր, Ազգ. վարչութեան, Կեդր. Վարչութեան, պատկան մարմիններու, յարակից միութիւններու ներկայացուցիչներ, աշակերտական խումբեր, ծնողներ եւ ժողովուրդ:
Ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը ձեռնհասօրէն կատարեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, որ երեկոյթի բացման իր խօսքին մէջ բացատրեց, թէ ձեռնարկին մեկնակէտը հանդիսացած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի «Սփիւռքի Տարուան» հռչակագիրը, որուն ուղենշային թելադրանքին ականջալուր եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր խորհրդատուութեամբ, ամբողջ երկու ամիս աշխատանքի լծուած են Հոլիվուտի Ազգ. Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցիչներն ու աշակերտութիւնը, որպէսզի հայ Սփիւռքի ամէնէն բաբախուն գաղութներէն՝ Լիբանանը ներկայացուի նմանատիպ ձեռնարկով մը, որուն բոլորանուէր մասնակցութիւն կը բերեն զանազան կարգի աշակերտական խումբեր՝ երաժշտական, երգի, ասմունքի ու հայկական պարի զուլալ ակունքներու հարազատ շունչով:
Լիբանանը խորհրդանշող սպասներով գեղեցկօրէն զարդարուած Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի սրահը աշակերտական գեղարուեստական ճոխ ու խանդավառ յայտագրին առընթեր, Լոս Անճելըսի հայկական Հոլիվուտէն մտքի ու հոգիի ոգեղէն կամուրջներ ձգեց նաեւ դէպի Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան նստավայր՝ Լիբանան, երկու բաժնով ներկայացուած տեսերիզի թէ օրուան բանախօս՝ Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմնի գործավար եւ կրթական մշակ, Տիկին Թամար Թիւֆէնքեանի արտասանած խօսքին ընդմէջէն:
Իրօք որ պահը ոգեշնչող էր: Մերթ Հայաստան-Արցախն էր, որ աշակերտական երգ ու պարի, նուագի ու ասմունքի ընդմէջէն ոտքի կը կանգնէր, մերթ ալ՝ յետ-եղեռնեան Լիբանանի հայ գաղութի տասնամեակներու վրայ տարածուած վերապրելու կամքն ու Հայաստանի եւ Սփիւռքի նիւթական, մարդկային, հայրենասիրական կարիքներուն հասնելու, անգա՛մ իր բազկի զօրութեամբ հայրենական պատերազմներուն մասնակցութիւն բերելու անոր պատրաստակամութիւնը գորովի լայն ակեր բաց կը ձգէր ամբողջ սրահին մէջ: Գաղութ մը, որ մի՛շտ ի խնդիր Հայ Դատի ու հայրենիքի փրկութեան եղաւ ու կա՛յ, այլեւ այսպէ՛ս կազմաւորուեցաւ, երազեց, գործեց ու նուաճեց՝ Սփիւռքին անվերջ մարդուժ հայթայթող փոքրիկ Լիբանանի այս մեծ հայութիւնը, որ հերոսական իր խոյանքով, անցեալ դարուն, գաղթակայանէն հասած էր խորհրդարան եւ մինչեւ օրս քաղաքական ներկայութիւն է Լիբանանի մէջ:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատելէ ետք իւրայատուկ այս ձեռնարկը, մասնակիցներն ու բոլոր կազմակերպիչները եւ օժանդակողները, իր խօսքը եզրափակեց՝ անդրադառնալով պատմական Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լիբանանի մէջ հաստատման հանգամանքներուն եւ կարեւորութեան, միաժամանակ հնչեցնելով դրուատանք՝ ոչինչէն գաղութ կերտած՝ հայրենիքի, ունեցուածքի ու մարդկային կորուստներու ամբողջ ծրար մը իր ետին թողած գաղթական հայ բեկորներու սերունդին ու անոնց յաջորդներուն, ապա իր խօսքը ուղղեց՝ հայ-քրիստոնեայ սերունդներ կերտած լիբանանահայութեան եւ ապրելու ու արարելու անսպառ կորով եւ լաւագոյն օրեր մաղթեց անոր:
Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց Արեւմտեան Թեմի կողմէ կատարուած զօրակցական բոլոր նախաձեռնութիւնները, ապա յայտարարեց, որ Արեւմտեան Թեմը՝ ոչ իր կամքով դժբախտութեան մէջ յայտնուած երէկուան շէնշող Լիբանանի հայութեան ուղղուած աշակերտական մակարդակի իր զօրակցութիւնը կը հասցնէ՝ Լիբանանի Ազգ. վարժարաններու մէջ ուսում առնող թիւով 500 աշակերտներու 2022-2023 տարեշրջանի կրթաթոշակը հովանաւորելու պատրաստակամութեան, ընդհ. գումար՝ երկու հարիւր յիսուն հազար տոլար ($250,000):
Երեկոն աւարտեցաւ աղօթքով, «Կիլիկիա» եւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգներու միահամուռ երգեցողութեամբ: