Կիրակի, 16 Օգոստոս 2020-ին, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը Թեմիս բոլոր եկեղեցիներէն ներս տօնախմբուեցաւ Ս. Պատարագով եւ աւանդական խաղողօրհնէքով։
Նկատի ունենալով, որ տօնը նաեւ անուանակոչութեան օրն է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նոյն եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւնը կատարեց։
Առաջնորդ Սրբազանը իր հոգեւոր պատգամի բնաբանը ընտրած էր Ս. Աստուածածնին նուիրուած շարականէն. «Ով Աստուածամայր, լոյսի մայր, Աստուծոյ Խօսքին տաճար եւ բնակարան, հաշտեցուր մեզ Հօր հետ, կը դիմենք քեզի, որ քու բարեխօսութեամբդ մեր Փրկիչը եւ Աստուծոյ Որդին ընդունի մեր աղօթքները. կ՛աղաչենք քեզի»։ Ողջունելով Ս. Պատարագին առցանց հետեւող հաւատացեալները, ան հրաւիրեց զանոնք դիմելու Աստուածամօր բարեխօսութեան, որպէսզի, իբրեւ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած արարածներու, մեր կեանքը ապրինք այն սիրով, որուն իբրեւ արդիւնք մեզ ստեղծեց եւ հաշտեցուց Իրեն հետ։
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ս. Կոյս Մարիամ իր կեանքով եւ առաքինութեամբ ծանօթ է քրիստոնէական եկեղեցւոյ, իսկ դարեր շարունակ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցւոյ համար դարձաւ ներշնչման աղբիւր եւ մայրութեան վառ ու տիպար օրինակ։ Ան արժանի եղաւ Աստուծոյ մայր դառնալու եւ մասնակից ըլլալու Քրիստոսի փրկագործական առաքելութեան՝ իր առաքինութեամբ, հեզութեամբ, խոնարհութեամբ եւ Աստուծոյ կամքին ենթարկուելով։ Ան համբերութեամբ ու տոկունութեամբ տոկաց Իր Որդւոյն խաչելութիւնը վկայելու ցաւին ու տառապանքին, որովհետեւ վստահած էր Տիրոջ խոստումին։ Եւ երբ իր մահուան ժամանակը հասաւ, Աստուած զինք մարմնով եւ հոգիով երկինք փոխադրեց՝ աշխարհին յոյս տալով, որ մահը վախճան մը չէ եւ կամ այս երկրաւոր կեանքն ու աշխարհը վերջակէտ մը չեն, այլ նոր կեանքի սկիզբ մը, պայմանաւ որ մենք զմեզ նուիրենք Աստուծոյ եւ վստահինք Աստուծոյ կամքին՝ որպէս իր խոնարհ ծառաները Ս. Կոյս Մարիամի օրինակով։
«Այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, Վերափոխման տօնը կը պատգամէ մեզի, Տէրը գովաբանելու եւ խոնարհութեամբ ենթարկուելու Իր կամքին։ Այս տօնը Ս. Կոյս Մարիամի նկարագրի ընդմէջէն մեզի անգամ մը եւս կը յիշեցնէ, որ Աստուծոյ մեծութիւնը, հզօրութիւնը ու Անոր նախախնամութեան ենթարկուիլը մեր կեանքի ճանապարհը աւելի լուսաւոր ու պայծառ կը դարձնեն։ Ան միաժամանակ կը յուշէ մեզի միշտ «այո» ըսելու Տիրոջ եւ Իր խօսքին ու կամքին հնազանդութեամբ առաջնորդելու մեր կեանքը՝ ի հեճուկս բոլոր նեղութիւններու եւ դժուարութիւններու։ Վերափոխման այս տօնը նաեւ յոյսի տօն է։ Ս. Կոյս Մարիամ իր առաքինի կեանքով արժանացաւ Իր Որդւոյն կողմէ երկինք փոխադրուելուն, մեզի ցոյց տալով, որ Աստուծոյ փառքը պայծառ է ու կը պայծառացնէ, լոյս է եւ կը լուսաւորէ, յոյս է եւ յոյսով կ՛առաջնորդէ։ Իբրեւ Աստուծոյ զաւակներու, մենք եւս պէտք է մեր կեանքը համապատասխանաբար ապրինք եւ մեր կեանքը առաջնորդենք դէպի յաւիտենական կեանք եւ յոյսի աշխարհ», շեշտեց Առաջնորդ Սրբազանը։
Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը դարձեալ հրաւիրեց հաւատացեալները՝ դիմելու Աստուածամօր բարեխօսութեան, որպէսզի այս աշխարհի վրայ պատերազմները, նեղութիւններն ու խռովութիւնները դադրին, չարին յարձակումները անկումի ենթարկուին, չարը խափանուի եւ բարին յաղթանակէ։ Աղերսենք Ս. Կոյս Մարիամին, որ իր մայրական խնամքով պահպանէ մեզ մանաւանդ այս անորոշ ժամանակներուն, երբ սուտը որպէս ճշմարտութիւն կ՛ընդունուի, երբ համաճարակը կը տիրէ ամէնուրեք, երբ Հայաստանի եւ Արցախի սահմաններուն վրայ առճակատումներ տեղի կ՛ունենան, երբ մեր Լիբանանի քոյրերն ու եղբայրները ճգնաժամի մէջ են եւ մեր անմիջական օժանդակութեան կարիքը ունին։ Աղօթենք, որ խաղաղութիւնը, բարութիւնն ու պայծառ օրերը վերադառնան եւ մենք այս երկրաւոր կեանքի աւարտին արժանի դառնանք յաւիտենական կեանքին։
Ս. Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի եկեղեցւոյ շրջափակ ուր կատարեց խաղողօրհնէքի արարողութիւնը, որ վերջ գտաւ «Կիլիկիա» մաղթերգով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթքով։