Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Ծննդեան Ճրագալոյցը Մեր Թեմի Եկեղեցիներէն Ներս

By January 8, 2020June 17th, 2024No Comments

Կիրակի, 5 Յունուար 2020-ին, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան նախօրեակին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ճրագալոյցի Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Նշենք, որ նախքան Ս. Պատարագը, Կիրակնօրեայ վարժարանի սաները ընթերցեցին մարգարէական ընթերցուածները։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին մէջ նախ հակիրճ տողերու մէջ ներկայացուց Քրիստոսի Ս. Ծննդեան խորհուրդի հանգամանքները եւ շեշտը դրաւ հրեշտակին կողմէ «մի՛ վախնաք» քաջալերական խօսքին վրայ, որ երեք առիթներով շեշտուեցաւ. առաջին անգամ հրեշտակին կողմէ հովիւներուն Քրիստոսի Ս. Ծնունդը աւետելու ժամանակ, ապա հրեշտակապետին կողմէ Մարիամին յղիութիւնը աւետելու ընթացքին եւ Յովսէփին Մարիամը իրեն կնութեան առնելու խրախուսիչ պատգամին մէջ։ «Հովիւներն ու մոգերը մեծ ուրախութիւն ապրեցան՝ լսելով Քրիստոսի Ս. Ծննդեան աւետիսը։ Անոնք գացին տեսնելու եւ երկրպագելու նորածին Թագաւորին ու վերադարձան՝ փառաբանելով զԱստուած այն բոլոր բաներուն համար, որոնք լսեցին ու տեսան։ Այսօր, նորածին Արքան պէտք է վերածնի մեր սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ. պէտք է մեր հոգիի աչքերով տեսնենք Բեթղեհէմի պայծառ աստղը եւ հոգիի ականջներով լսենք հրեշտակին քաջալերական խօսքերը։ Պէտք չէ վախնանք, որովհետեւ այսօր մեզի համար Փրկիչ մը ծնաւ՝ մեր մեղքերուն փոխարէն Իր Արիւնը փրկագին տալու եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը բերելու համար, ինչպէս նաեւ մեր կեանքը լուսաւորելու, որպէսզի մենք եւս լուսաւորենք մեր շրջապատը, տուները, մեր Եկեղեցին եւ ազգային կեանքը։ Հետեւաբար, եկէք միշտ փառք տանք առ Բարձրեալն Աստուած, շարունակենք աղօթել աշխարհի խաղաղութեան եւ յատկապէս Միջին Արեւելքի համար։ Թող սէրը, հաճութիւնն ու բարի կամեցողութիւնը առաջնորդեն մեզ մեր առօրեայ յարաբերական կեանքին մէջ», նշեց ան։

Ս. Պատարագի աւարտին, «Խորհուրդ Մեծ» շարականի երգեցողութեամբ Առաջնորդ Սրբազանը Ս. Խորանէն Քրիստոսի եւ Աստուածայայտնութեան լոյսը խորհրդանշող մոմը վառելով փոխանցեց հաւատացեալներուն, որոնք իրենց մոմերը վառած լուսաւորեցին եկեղեցին եւ ապա Ս. Ծննդեան լոյսը տարին իրենց բնակարանները։

Close Menu

Categories