Կիրակի, 24 Մայիս 2020-ը, Ս. Յարութեան տօնին յաջորդող վեցերորդ Կիրակին է, որ կը կոչուի Երկրորդ Ծաղկազարդ։
Ինչպէս նախորդ շաբաթներուն, այս Կիրակի եւս, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս Ս. Պատարագ պիտի մատուցանուի եւ ուղղակի պիտի սփռուի իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ դիմատետրի էջէն։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան պիտի հանդիսապետէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, որ կը սկսի առաւօտեան ժամը 11-ին։
Կը մաղթենք որ ի մօտոյ, պետական սպասարկութիւններու թոյլտուութեամբ, պիտի կարենանք արարողութիւնները կատարել հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։