Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Վեհափառ Հայրապետը Մեծ Խանդավառութեամբ Դիմաւորուեցաւ Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Մէջ

By October 27, 2025No Comments

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Լոս Անճելըսի մէջ իր հովուապետական առաջին այցելութիւնը շնորհեց Հոլիվուտի Սուրբ Կարապետ մայր եկեղեցիին, Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2025-ին:

Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը կը սպասէր իր Հովուապետին ժամանման: Նորին Սրբութեան դիմաւորելու եկած էին նաեւ արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, թեմի ազգային վարչութեան անդամներ, ազգայիններ, հոգեւոր հայրեր եւ համայնքային կառոյցներու ներկայացուցիչներ:

«Հրաշափառ»ի յատուկ արարողութենէն ետք, առաջնորդ Գեղամ արքեպիսկոպոս, յանուն թեմի ազգային իշխանութեան եւ ժողովուրդին, ողջունելով Հայոց Հայրապետին Արեւմտեան Թեմ այցելութիւնը, ըսաւ. «Նորին Սրբութեան հովուապետական այցելութիւնը ո՛չ միայն օրհնաբեր է, այլեւ՝ շէն, վերանորոգող, վերակենսաւորող, նոր բարձունքներ նուաճելու համար ոյժ եւ կորով ներշնչող ու ազգային կեանքը պայծառակերպող այցելութիւն: Այսօր մեր թեմի հայորդիները պատիւը ունին պատմական այս օրը արժանաւորապէս նշելու ու ապրելու: Վեհափառ Հայրապետին իւրաքանչիւր այցելութիւնը նոր եռանդ ու նոր իրագործումներու մղում կու տայ: Տակաւին այսօր առաւել պատմական է Նորին Սուրբ Օծութեան այցելութիւնը, աւելի օրհնաբեր է իր ներկայութիւնը մեր մէջ, քանի այսօր Հայրապետը իբրեւ երեսնամեայ տիտան Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին բարձրացած՝ կը գտնուի մեր մէջ: Յանուն մեր թեմի հաւատաւոր հայորդիներուն, Վեհափառ Հայր, ընդունեցէք մեր ջերմագին բարեմաղթութիւնները։ Թող Աստուած ձեր հովուապետական ասան միշտ ծաղկուն պահէ եւ ձեզի շնորհէ ընդ երկար գահակալութիւն»: Ապա, առաջնորդ սրբազան հայրը հրաւիրեց Նորին սրբութիւնը՝ յղելու իր հայրապետական պատգամը։

Իր պատգամին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. «Իմ այս առաջին պատգամիս ու հովուապետական այցելութեանս որպէս բնաբան եւ մեր ժողովուրդին կեանքին ու գործին որպէս ուղեցոյց ընտրած եմ երեք բառեր՝ հաւատք, հաւատարմութիւն, համախմբում։ Կեանքի սովորական վիճակներ բնորոշող բառեր չեն ասոնք, որովհետեւ անոնք մեր անհատական թէ հաւաքական կեանքի ամէնէն էական տարածքները կ’արտայայտեն»: Նորին Սրբութիւնը՝ պարզաբանելով նշեալ իւրաքանչիւր բառին իմաստը, նշեց՝

«ա) Հաւատք։ Մարդկային կեանքին մէջ չկայ անհատ մը, որ չունենայ հաւատք։ Հաւատք՝ իր անձին նեղ պարունակէն վեր ու անդին՝ երեւոյթի մը, դէպքի մը, սպասումի մը։ Որպէս քրիստոնեաներ, մեր կեանքին առանցքը Աստուծոյ հանդէպ մեր ունեցած հաւատքն է։ Այդ հաւատքն է, որ մեր կեանքին խորք ու իմաստ, արժէք ու նպատակ կու տայ. այլապէս, սաղմոսին բառերով՝ մեր կեանքը պիտի նմանի խոտի։ Աստուծոյ նկատմամբ ունեցած մեր հաւատքն է, որ մեր կեանքը կ’իմաստաւորէ ու կը հզօրացնէ՝ դառնալով երջանկութեան ու յաջողութեան աղբիւր։ Տառապանքներով ու հալածանքներով լեցուն մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը ու որպէս փոքր ժողովուրդ մեր գոյատեւումը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ պերճախօս վկայութիւն մըն է Աստուծոյ նկատմամբ մեր ունեցած խոր հաւատքին, որ դարձաւ մեր գոյութեան ամրոցը, տոկունութեան վահանը, ստեղծագործութեան աղբիւրը եւ մեր կեանքի ճանապարհը։ Այսօր, մենք կոչուած ենք մեր հաւատքը աւելի ամրապնդելու, որպէսզի կարենանք դիմագրաւել մեզ շրջապատող երեւելի ու աներեւոյթ չարիքները։

բ) Հաւատարմութիւն։ Չի բաւեր միայն հաւատք ունենալ, այլ անհրաժեշտ է մեր ունեցած հաւատքին հրամայականներուն նկատմամբ ունենալ հաւատարմութիւն։ Չմոռնանք Քրիստոսի խօսքը՝ «Ան որ ինծի կը հաւատայ, թող խաչը առնէ եւ ետեւէս գայ»։ Հետեւաբար, հաւատալ կ’ենթադրէ պատասխանատուութիւն ու պարտաւորութիւն՝ հաւատքի սկզբունքներուն ու հրամայականներուն նկատմամբ։ Որպէս ժողովուրդ, քրիստոնէական մեր հաւատքը կը պահանջէ մեզմէ, որ ըլլանք հաւատարիմ մեր քրիստոնէական ինքնութեան։ Պատմութեան ընթացքին մեր գոյութեան քրիստոնէական ու ազգային տարածքները դարձան մէկ ամբողջութիւն, մէկ ինքնութիւն։ Այլ խօսքով, մեզի համար քրիստոնեայ ըլլալ եւ հայ ըլլալ տարբեր բաներ չեն։ Հետեւաբար, մենք պէտք է հաւատարիմ գտնուինք մեր քրիստոնէական ու ազգային ինքնութեան, եւ այդ ինքնութիւնը պահող արժէքներուն նկատմամբ, մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Մեր եկեղեցին, վկայ մեր պատմութիւնը, մեզի համար սովորական աղօթավայր չեղաւ, այլ մեր հաւատքին ամրոցը, մեր ինքնութեան աղբիւրը, մեր պայքարին վահանը ու մեր գոյութեան խարիսխը եղաւ։ Այսպէս է մեր եկեղեցին նաեւ այսօ՛ր։ Ձեր հաւատարմութիւնը մեր եկեղեցւոյ նկատմամբ պէտք է գործնապէս արտայայտէք՝ մասնակից դառնալով մեր եկեղեցւոյ համայնական կեանքին, նոյնանալով եկեղեցւոյ հետ ու դառնալով ապրող ու ծառայող եկեղեցի, եկեղեցին դարձնելով պայծառակերպող ներկայութիւն ձեր ընտանիքէն ներս, հայ դպրոցէն ներս եւ մեր բոլոր կառոյցներէն ներս։

գ) Համախմբում։ Մեր ժողովուրդը մէկ ամբողջութիւն է իր անցեալով ու ներկայով. ինչպէս մեր եկեղեցին մէկ ամբողջութիւն է՝ իր երկու հայրապետական Աթոռներով. նաեւ մեր Հայրենիքը։ Արդ, ամուր պահեցէք մեր էութեան ու գոյութեան եւ մեր ինքնաճանաչման անբաժանելիօրէն մաս կազմող միութիւնը, ամբողջականութեան գիտակցութիւնը՝ համախմբուելով մեր կառոյցներուն շուրջ, մեր եկեղեցւոյ, Հայրենիքին, դպրոցին եւ կազմակերպութիւններուն ու միութիւններուն շուրջ, որոնք աղբիւրն են ու պահապան մեր արժէքներուն, աւանդութիւններուն ու իտէալներուն, մեր հայօրէն գոյութեան։ Մեր հաւաքական կեանքէն ներս տեսակէտներու տարբերութիւններ եղած են ու միշտ պիտի ըլլան. սակայն, զգոյշ պէտք է ըլլալ, որ այդ տարբերութիւնները երբեք չդառնան վնասաբեր. միաժամանակ պէտք է յանձնառու ըլլալ, որ այդ տարբերութիւններէն վեր համազգային արժէքներու շուրջ մեր մօտեցումները համախմբուին ու նոյնանան։ Հետեւաբար, իմ սպասումս է, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան շրջանի մեր ազգային կեանքէն ներս միասնականութիւնը աւելի ամրանայ մեր կեանքի բոլոր մարզերէն ներս՝ ամէն իմաստով: Որքան մենք ըլլանք միակամ՝ մեր Հայրենիքը աւելի կը հզօրանայ, մեր եկեղեցին աւելի կը պայծառանայ եւ մեր կեանքը աւելի կը ծաղկի։ Ահաւասիկ իմ հայրապետական պատգամս ուղղուած մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակներուն»։

Նորին Սուրբ Օծութեան ուղենիշ պատգամէն ետք, թեմի հաւատաւոր հայորդիները առիթը ունեցան մօտենալու իրենց հովուապետին եւ անոր աջը համբուրելով՝ ստանալու Հայրապետին օրհնութիւնը:

Close Menu

Categories