Դարձեալ վերամուտ է։ Երկուշաբթի, 17 Օգոստոսին, հետեւելով Լոս Անճելըս Գաւառի պաշտօնական սպասարկութիւններու հրահանգներուն, մեր Թեմի Ազգային բոլոր վարժարանները մեկնարկեցին 2020-2021 կրթաշրջանի բացումը, այս անգամ առցանց, ինչպէս տարեվերջին, միշտ մեկնակէտ ունենալով մեր աշակերտներու, ծնողաց ու ուսուցչական կազմերու եւ տնօրէնութեանց ապահովութիւնը։
Բարի վերամուտ կը մաղթենք բոլոր վարժարաններու տնօրէններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ թանկագին աշակերտութեան եւ լիայոյս ենք, որ 2020-2021 տարեշրջանը իր աւարտին կը հասնի բնականոն ու աւելի լաւ պայմաններով միշտ հարուստ մեր աշակերտներու փայլուն յաջողութիւններով։