Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տագնապալի Այս Օրերուն՝ Աստուծոյ Վստահինք

By March 27, 2020June 3rd, 2024No Comments

«Տէ՛րն է լոյսս ու փրկութիւնս, որմէ՞ պիտի վախնամ ես։ Տէ՛րն է կեանքիս ապաւէնը, որմէ՞ պիտի դողամ ես» (Սղ. 27.1)

Սիրելի՛ հաւատացեալներ,

Այս օրերուն, կը գտնուինք աննախադէպ եւ անորոշ ժամանակներու մէջ։ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը կը շարունակէ խուճապի մատնել համայն աշխարհը եւ հազարաւոր կեանքեր խլել։ Քաղաքներ ու երկիրներ անշարժութեան մատնուած են եւ անոնց բնակիչները իրենց սեփական տուներու մէջ մեկուսացուած են եւ կեանքը իր բնականոն ընթացքէն դուրս եկած է եւ կանգ առած։ Ճիշդ է, որ պատմութեան ընթացքին աշխարհը բազմաթիւ համաճարակներու ենթարկուած է, սակայն մերօրեայ իրականութեան մէջ առաջին անգամն է, որ ականատես կը դառնանք նման երեւոյթի մը։ Բնական է, որ վախի մատնուած ենք։ Սակայն, վախն ու խուճապը պէտք չէ զգետնեն մեզ եւ մտահոգութիւնը պէտք չէ մեզ կլանէ։ Իբրեւ հայ քրիստոնեաներ, պէտք է Աստուծոյ վստահինք, որովհետեւ Ի՛նքն է Տէրը տիեզերքին։ Խաղաղութեան Իշխանը, մեր Տէրն ու Փրկիչը միշտ մեզի հետ է։

Այսպիսի դժուար ժամանակներուն երբ մեր հաւատքը փորձի կը դրուի, սակայն Աստուծոյ խօսքը կը վստահեցնէ մեզի, թէ մեր Տէրը Իր զաւակները երբեք պիտի չլքէ, Իր սէրն ու ողորմութիւնը յաւիտեան են եւ միշտ կը լսէ Իր զաւակներուն խնդրանքերը, որովհետեւ ան մեր բժիշկն է եւ օգնականը, մեր զօրութիւնն ու ապաւէնն է, «յաւիտենական վէմն» է եւ մեր հաւատարիմ ու շնորհաբաշխ Հայրը։

Ս. Գիրքը բազմաթիւ օրինակներով Տիրոջ վստահութիւնը մեզի կը ներշնչէ։ Լսենք եւ քաջալերուինք.

«Խաղաղութիւն կը թողում ձեզի, Իմ խաղաղութիւնս է որ կու տամ ձեզի, որ այս աշխարհի տուած խաղաղութենէն տարբեր է։ Մի՛ խռովիք ու մի՛ վախնաք» (Յհ. 14.27)։

«Մի՛ վախնար, որովհետեւ Ես քեզի հետ եմ. մի՛ զարհուրիր, որովհետեւ Ես քու Աստուածդ եմ. Քեզ պիտի զօրացնեմ եւ քեզի պիտի օգնեմ, ու Իմ արդար աջովս քեզ պիտի պահեմ» (Ես. 41.10)։

«Ոեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ. այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհաբանութեամբ Աստուծմէ խնդրեցէք ինչ բանի որ կարիքը կը զգաք» (Փլպ. 4.6)։

«Զօրացի՛ր եւ քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր, որովհետեւ քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յես. 1.9)։

Եկէ՛ք, ուրեմն սիրելիներ, վախը հաւատքո՛վ յաղթահարենք, խուճապը՝ խաղաղութեամբ եւ անձկութիւնը փարատենք այն յոյսով եւ վստահութեամբ, որ այս համաճարակը շուտով պիտի անցնի եւ մենք բնականոն կեանքի պիտի վերադառնանք։

Ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի տարածքին գրեթէ բոլոր հաստատութիւնները, աշխատատեղիները, դպրոցներն ու եկեղեցիները փակուած են, սակայն մեր Տիրոջ ականջները միշտ բաց են։ Մեր տուներուն ապահովութեան մէջ, կրնանք եւ պէ՛տք է շարունակենք Տիրոջ ներկայութիւնը զգալ եւ աղօթել։ Աղօթենք առա՛նց ձանձրանալու եւ առա՛նց վհատելու, աղօթենք հաւատքով եւ մաքուր սրտով։ Նկատի առնելով, որ մեր խճողուած առօրեան ժամանակաւոր կերպով կասեցուած է, եկէ՛ք, այս ժամանակաշրջանը իմաստութեամբ օգտագործենք եւ ըստ այնմ մեր կեանքը արժեւորենք եւ գիտակցինք, թէ ո՞րն է ամէնէն էականը։ Եկէ՛ք այս իւրայատուկ ժամանակը այնպէ՛ս մը օգտագործենք, որ աւելի մօտենանք Աստուծոյ, մեր Արարիչին հետ աւելի մնայուն յարաբերութեան մէջ մտնենք մեր ամէնօրեայ սրտբաց հաղորդակցութեամբ, հաւատքով, յոյսով, սիրով, գթառատութեամբ, համբերութեամբ եւ յարատեւութեամբ զօրանալու։ Մեր ընտանեկան յարկերէն ներս, որակաւոր ժամանակ անցընենք եւ իրարու օգնութեան հասնինք։ Բոլորիս համար, բայց մանաւանդ տարեցներուն համար, առանձնութիւնն ու ընկերային յարաբերութեան պակասը միայնակ ըլլալու զգացումներու եւ յուսահատութեան կ’առաջնորդեն, որոնք դժբախտաբար մտային եւ զգացական առողջութեան կը վնասեն։ Աղօթենք անոնց համար, եւ մեր բոլոր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, սէր եւ կարեկցութիւն ցուցաբերենք իրարու։ Թէեւ ֆիզիքապէս հեռու ենք իրարմէ, սակայն արհեստագիտական միջոցները կրնանք օգտագործել, որպէսզի լսող ականջ դառնանք եւ թիկունք կանգնինք բոլոր անոնց, որոնք կարիքի մէջ են։

Սիրելիներ,

Այս շաբաթ, մեր Եկեղեցին կը նշէ մեր Հաւատոյ Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետին մուտն ի վիրապ տօնը։ Մինչ քանի մը շաբաթներու համար «քորոնա» ժահրի պատճառաւ մեր տուներուն մէջ առանձնացած ենք, յիշենք, որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ 13 տարիներ մենութեան եւ խոր վիրապի մթութեան մէջ անցուց, սակայն տոկաց եւ յարատեւեց հաւատքով, յոյսով եւ Աստուծոյ ապաւինելով։ Մենք ալ իր օրինակով պիտի տոկանք եւ յարատեւենք Տիրոջ ապաւինելով։

Եկէ՛ք, յատկապէս այս դժուար ժամանակներուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին եւ մեր բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը խնդրենք, որպէսզի մեր հաւատքին մէջ անխախտ մնանք, մեր յոյսին մէջ՝ անսասան, եւ Տիրոջ հանդէպ աներեր վստահութեամբ կարենանք յաղթական հոգիով գոչել. «Ես Տիրոջ դիմեցի, եւ աղօթքիս պատասխանեց, զիս ազատեց բոլոր վախերէս» (Սղ. 34.4)։

Ձայնակցինք աղօթասաց հայրապետին եւ մեր սրտի խորերէն աղաչենք. «Արի՛ Աստուած հարցն մերոց, որ ապաւէնդ ես նեղելոց։ Հա՛ս յօգնութիւն ծառայից քոց, լե՛ր օգնական ազգիս հայոց»։ Ամէն։

Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Առաջնորդ

Close Menu

Categories