
Հինգշաբթի, 13 Փետրուար 2020-ի երեկոյեան, Թեմի եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակը երեկոյեան ժամերգութեամբ, Անդաստանի եւ մանուկներու Ս. Խորան ընծայման արարողութիւններով եւ խարոյկի բոցավառումով։
Տարիներու աւանդութեան համաձայն, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան նախագահեց Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութեան եւ ուղղեց իր պատգամը։ Հոգեւորականաց դասու անդամներ մասնակցեցան արարողութեան։ Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենադպրուհի՝ Տիկին Էլիզապէթ Պոյաճեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչներ, խմբապետներ ու սկաուտներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։ Նոյն օրը նաեւ, տարիներու աւանդութեամբ, արի-արենոյշներ կը մասնակցին Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութեան եւ կը լիցքաւորուին Տիրոջ խօսքով։
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը ուղղեց իր պատգամը շարականագրի հետեւեալ բառերու հետեւութեամբ. «Ո՜վ Տէր, մենք ալ Սիմէոն Ծերունիին հետ բարձրաղաղակ կը գոչենք. Դուն որ Լոյս Հօրմէն իբրեւ Լոյս ծագեցար մեզի համար եւ մեր բոլորին կեանք շնորհեցիր։ Փառք Քու գալուստիդ, Տէ՜ր»։ Քրիստոսի տաճար ընծայման դրուագին ընդմէջէն, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ Քրիստոսի ծնողները Աստուծոյ պատուիրաններուն եւ օրէնքին հնազանդելով, քառասնօրեայ մանուկը տաճար ընծայեցին։ Յիսուս Քրիստոս, որ մարգարէութեանց եւ օրէնքի լրումն էր, Ինք Իր համակ կեանքի ընթացքին հնազանդեցաւ ու հաւատարիմ գտնուեցաւ Աստուծոյ կամքին եւ օրէնքին։ Ան հարց տուաւ, թէ այսօր մենք որքանո՞վ կը հնազանդինք Աստուծոյ, կը հետեւինք մեր եկեղեցւոյ, աւանդութեանց ու օրէնքներուն եւ ապա կոչ ուղղեց հաւատացեալներուն՝ պահպանելու եւ կառչած մնալու մեր եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեանց։
Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Լոյս-Քրիստոս Իր աշխարհ գալուստով լուսաւորեց աշխարհը, բայց մենք որքանո՞վ կ’ըմբոշխենք այդ լոյսը եւ կը լուսաւորենք մեր հոգիները։ Ան խնդրեց Աստուծմէ, որ մեր հոգիները բանայ, լուսազարդէ մեր ողջ էութիւնը, որպէսզի մենք եւս մեր շրջապատին մէջ լոյս եւ պայծառութիւն դառնանք։ Խօսելով Սիմէոն Ծերունիին մասին, ան դիտել տուաւ, որ Սիմէոն Ծերունի արդար, աստուածավախ եւ օրէնքին հաւատարիմ մարդ մըն էր։ Աստուած զինք վարձատրած էր՝ իր խոստումը իրագործելով, որովհետեւ Ս. Հոգին իրեն հետ էր եւ վստահեցուցած էր զինք, թէ Տիրոջ Օծեալը չտեսած պիտի չմեռնէր (Հմմտ. Ղկ. 2.25-26)։ Հետեւաբար, ան որ իր կեանքը հաւատքով, Աստուծոյ պատուիրանները պահպանելով, օրէնքի հետեւողութեամբ ու հնազանդութեամբ կ’ապրի, այդ անձին բոլոր խնդրանքները կ’իրագործուին։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց սկաուտները եւ յորդորեց մեր ծնողները՝ հնազանդելու Աստուծոյ պատուիրաններուն, օրէնքներուն ու հաւատարմութեամբ դաստիարակել իրենց զաւակները։
Հուսկ, Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան Քրիստոսի լոյսը խորհրդանշող մոմը խորանէն բերաւ ու յանձնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ իր կարգին զայն բաշխեց հաւատացեալներուն։ Ապա, մանուկներու տաճար ընծայումը կատարուեցաւ, որմէ ետք հոգեւոր հայրերն ու հաւատացեալները թափօրով առաջնորդուեցան եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ բոցավառեցաւ խարոյկը Ս. Խորանէն բերուած մոմով։ Ժողովրդային ու հայրենասիրական երգերով տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի ժողովրդային հանդէսը, որ իր աւարտին հասաւ «Յառաջ Նահատակ», «Կիլիկիա» եւ Հայաստանի քայլերգին խմբերգումով։
ԸՆԹՐԻՔ
Այնուհետեւ, «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու հետ աւանդական ընթրիքը։
Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ս. Աստուծածին եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի, ողջոյնի խօսք արտասանեց Արժ. Տ. Արտակ Քհնյ. Տէմիրճեան, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Եղբ. Ռաֆֆի Վարժապետեան։ Իսկ խմբապետներ՝ Քոյր Շարլին Կիւզէլեան եւ Եղբ. Շահան Աթմաճեան իրենց սրտի խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր հաստատած է սկաուտական այս հանդիպումն ու աւանդական ընթրիքը եւ որուն անձամբ ներկայ կը գտնուի։
Առաջնորդ Սրբազանը իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց սկաուտները եւ զանոնք յորդորեց պատասխանատուութեան խոր գիտակցութեամբ ծառայելու ազգին, եկեղեցիին եւ հայրենիքին: Ապա, ան յուշանուէրներ փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն:
Աւարտին, հաւաքաբար երգուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգը։