Ազրպէյճանի դատապարտելի վերջին ոտնձգութիւններուն ու Հայաստանի սահմանագլուխին քաղաքային կառոյցներու ու բնակչութեան վրայ յարձակումներուն հետեւանքով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 19 Յուլիս 2020-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յընթացս Ս. Պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի Հայաստանի եւ Արցախի բարօրութեան ու խաղաղութեան վերահաստատման եւ Հայոց Բանակի հզօրացման ու ապահովութեան համար։
Կ’աղօթենք մեր նահատակ հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան եւ վիրաւորներու շուտափոյթ ապաքինման համար։
Թող Աստուած ուժ ու կորով տայ մեր քաջարի բանակին ու հայ ժողովուրդին։