Կիրակի, 31 Յունուար 2021ին, Արեւմտեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան իր առաջնորդական առաջին այցելութիւնը տուաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ գոհաբանութիւն յայտնեց Երկնաւոր Հօր, «Որ ուրախութիւնը շնորհեց համախմբուելու Ս. Սարգիս անուն եկեղեցւոյ մէջ: Այսօրուան Ս. Պատարագի պահը որ կ՛ապրինք, բոլորիս համար ալ, վստահ եմ, որ հոգեւոր մխիթարութեան առիթ կը դառնայ: Որքան կարօտցած ենք տեսնել մեր ժողովուրդը Աստուծոյ տաճարին մէջ: Տարի մըն է, որ զրկուած ենք մեր ժողովուրդին հետ միասին արարողութիւններուն ներկայ գտնուելով վայելելու Աստուծոյ օրհնութիւնները: Բայց այսօրուան ձեր ներկայութիւնը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, թէեւ պաշտպանուած դիմակներով եւ յարգելով հեռաւորութեան պարտադիր օրէնքները, կու գայ բոլորիս յիշեցնելու, որ արդարօրէն մենք զԱստուած կարօտցած էինք, եւ Աստուած մե՛զ կարօտցած էր», նշեց Սրբազան Հայրը, ապա քրիստոնէական սիրով ողջունեց Պատարագին ներկայ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Ս. Արք. Օհանեանը, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Տ. Պօղոս քհնյ. Պալթայեանը, եկեղեցւոյ սարկաւագաց եւ դպրաց դասերը, Հոգաբարձական կազմը, Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Թաթիկեանը, Տիկնանց միութիւնը, տեղւոյն հայ համայնքի կեանքէն ներս գործող կառոյցները, միութիւնները, Ազգային երեսփոխանները, նուիրեալները, որոնք իրենց ներդրումը կը բերեն Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յաղթական գոյերթին:
Շնորհաւորելով Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու Սարգիս եւ Մարտիրոս անունները կրողները, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի նկատմամբ ցուցաբերուած այն մեծ ու եզակի սիրոյն, որ 4րդ դարուն ապրած ու Յիսուսի՛ համար նահատակուած Սարգիս Զօրավարինը եղաւ: Զօրավար մը, որ իր զաւկին՝ Մարտիրոսի եւ 14 զինուորներու հետ հալածուեցաւ Քրիստոսի համար եւ նահատակուեցաւ: Ինչպէս նկատել տուաւ պատգամախօս Սրբազանը՝ սուրբերը մարդոց կեանքին մէջ բարերար ներկայութիւն են, այլեւ անոնք ա՛յն մարդիկն են, որոնք իրենց զգացումներէն ու եսէն, իրենց անձէն ու ընտանիքէն վեր դասած են զԱստուած, Աստուածորդին, Յիսուս Քրիստոսը եւ թէեւ սովորական մարդոց նման ապրած են այս աշխարհի վրայ, բայց տարբեր են բոլորէն, որովհետեւ անոնք իրենց եսը ճզմած են Յիսուսին անունին համար: Տակաւի՛ն. անոնք Յիսուսը աւելի՛ սիրած են՝ քան իրենց անձը, աթոռը, փառքն ու դիրքը եւ իրենց ունեցած ամբո՜ղջ հարստութիւնը. «Սուրբ էին բոլոր անոնք, որոնք իրենց անձը նուիրեցին Քրիստոսին, կամ անմահացան իրենց կեանքը տալով Քրիստոսին եւ կամ յաւիտենականութիւնը ժառանգեցին իրենց կեանքին մէջ Քրիստո՛սը ապրեցնելով եւ ընդմիշտ լռեցնելով իրենց ներսիդին պոռացող ԵՍը, որուն փոխարէն անոնք միայն լսեցին Յիսուսի՛ն ձայնը, որ այսօր, այս Սուրբ Խորանէն կը հնչէ. «ԵՍ ԵՄ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՑԸ», ըսաւ Սրբազան Հայրը:
Բացատրելով կեանքի խորհրդանիշ հացը, որ ոչ միայն ապրելու համար պէտք ունի մարդ, այլեւ, որ աւելի՛ կարեւոր է՝ պէտք ունի իբրեւ հոգեւոր սնունդ, քրիստոնէական սիրոյ եւ նուիրուածութեան չափանիշ ու երկնային օրհնութիւն, Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ բոլոր անոնք, որոնք Քրիստոսը կը ճաշակեն՝ անօթի պիտի չմնան իրենց կեանքին մէջ, իսկ բոլոր անոնք, որոնց կեանքին մէջ Յիսուսը չկայ, նոյնիսկ եթէ ամէն բան ունենան, յաւիտենական աղքատութեան մէջ պիտի մնան հոգեպէս եւ աւելցուց. «Երանի բոլոր անոնց, որոնք, մեծ թէ փոքր, հարուստ թէ աղքատ, կը գիտակցին, թէ Յիսո՛ւս է այն մեծագոյն հարստութիւնը, զոր մարդը կրնայ ունենալ իր կեանքին ընթացքին», ապա վեր առաւ Ս. Սարգիսի ու անոր հետեւորդներուն նահատակութեան երեւոյթը՝ յիշեցնելով, որ Յիսուս Քրիստոսի հետ մօտիկութիւն ունենալը եւ կամ Անոր պատկանիլը անպայման չ՛ենթադրեր խաղաղ ու հանգիստ կեանք ապրիլ: Այս խորհրդածութենէն մեկնած՝ Սրբազան Հայրը Ս. Խորանէն հարց տուաւ ներկաներուն, թէ՝ «ո՞վ է այն տիպար քրիստոնեան, որ Յիսուսին պատկանելով հանդերձ չի հալածուիր», ապա, առ ի պատասխան՝ հնչեցուց. «Եթէ չես հալածուիր, կը նշանակէ, որ ամբողջապէս Յիսուսին չես պատկանած դուն: Բայց, միաժամանակ, այսօր ես կը լսեմ ձայնը նո՛յն Յիսուս Քրիստոսին, որ կ՛ըսէ. «Թէեւ դժուարութիւններ պիտի ունենաք ձեր կեանքին մէջ, մի՛ վախնաք, ես յաղթեցի աշխարհին»:
«Ս. Սարգիս այսօր կու գայ յիշեցնելու եւ սորվեցնելու մեզի, որ մեր կեանքի ընթացքին ամէնէն նուիրական, գեղեցիկ եւ ուրախաբեր ճշմարտութիւնը Յիսո՛ւս անուն ճշմարտութիւնն է: Երբ Քրիստոս ներկայ է քու կեանքիդ մէջ, մարդիկ քեզ սպաննե՛ն անգամ քու հոգդ չ՛ըլլար, որովհետեւ դուն Յիսուսի՛ն միացած ես: Արդեօք այս հաւատքով, համոզումով ու սիրով չէ՞ր, որ առաջին դարերուն մարդիկ կը նահատակուէին Յիսուսի սիրոյն, այդ մարդիկ խոշոր ժպիտ մը ունէին իրենց դէմքին վրայ, իսկ մենք, այսօր, երբ նուազագոյն տագնապը ունենանք մեր կեանքին մէջ, չենք ուզեր շալկել մեր խաչը, կ՛ուզենք հետեւիլ Յիսուսին, բայց առանց խաչի», խորհրդածեց Սրբազան Հայրը եւ հետեւեալ բառերով եզրափակեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով արտասանած իր քարոզը. «Մենք չենք կրնար հետեւիլ Յիսուս Քրիստոսին՝ առանց խաչ մը շալկելու: Բոլորս ալ մեր կեանքի ընթացքին թերեւս պիտի ըսենք, որ այս խաչը ծանր է մեզի համար, բայց բոլորս նայելով ա՛յն Յիսուսին, զոր Ս. Սարգիսը նայեցաւ, պիտի ըսենք՝ Յիսուս իմ կողքիս է, Յիսուս իմ կեանքիս կեդրոնն է, ես բանէ մը ոչ վախնալու պէտք ունիմ, ոչ ալ բանի մը համար մտահոգուելու կարիքը ունիմ: Ահա՛ այս հաւատքով, այս ապրումներով է, որ անգամ մը եւս կ՛ողջունեմ Փասատինայի ծխական համայնքը՝ աղօթելով եւ մաղթելով, որ աստուածային օրհնութիւնը մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր ժողովրդեան կեանքին մէջ: Մեր համայնքի զաւակները՝ համախմբուած այս սուրբ գմբեթին ներքեւ, թող որ շարունակեն գործել ու աշխատիլ վասն բարգաւաճման մեր ազգին, վասն անսասանութեան մեր Մայր Սուրբ Եկեղեցւոյ: Թող շնորհաւոր ըլլան անունները բոլոր Սարգիսներուն եւ Մարտիրոսներուն, Աստուած օրհնէ մեզ այսօր եւ միշտ: Եկէ՛ք մեր հոգիին խորերէն ըսենք՝ փառք Քեզ Աստուած, փառք Քեզ, որ այս օ՛րն ալ ցոյց տուիր մեզի՝ համախմբուելու Քու տաճարիդ մէջ, Քու անունիդ ու Քու փառքիդ համար, Ամէն»:
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն, ապա բոլոր հաւատացեալները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընդունեց Փասատինայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները: