Skip to main content
search
Գլխաւոր Լուրեր

Տօն «Ս. Տրդատ Եւ Ս. Աշխէն» Մատրան Անուանակոչութեան Եւ Հայրապետական Մաղթանք

By June 30, 2021June 12th, 2024No Comments

Կիրակի, 27 Յունիս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատոյց, Հայրապետական Մաղթանք կատարեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Սրբազնագոյն Հայրապետ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի Ս. Աթոռոյ գահակալ ընտրութեան եւ օծման 26-րդ տարեդարձին առիթով, քարոզեց Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ եւ «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան անուանակոչութեան տօնին առիթով մատաղ օրհնեց Առաջնորդարանի շրջափակին մէջ: Ս. Պատարագին մասնակցեցան Գերշ. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եւ Հոգեւոր հայրեր: Արարողութեան ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամներ, Ազգ. Առաջնորդարանի բարեկամներ եւ բարերարներ, ինչպէս նաեւ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Ս. եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին Առաջնորդ Սրբազանը որդիական սիրով եւ յանուն Արեւմտեան Թեմի զաւակաց ողջունեց Վեհափառ Կաթողիկոսի գահակալութեան 26-րդ տարեդարձը, Արամ Ա. Հայրապետին՝ մաղթելով անսպառ ուժ ու կարողութիւն հովուապետական իր մեծ ծառայութեան մէջ եւ կանաչ օրեր իր ազգաշէն առաքելութեան մէջ, ապա պատգամեց հետեւեալը. «Գոհութիւն եւ փառք կը վերառաքենք առ Աստուած, որ այսօր անգամ մը եւս հոգեկան ուրախութիւնը շնորհեց մեզմէ իւրաքանչիւրին, որպէսզի մեր քայլերը առաջնորդենք դէպի եկեղեցի եւ լեցնենք մեր միտքը, հոգին եւ կեանքը հոգեւոր ու եկեղեցական արժէքներով: Յիսուս Քրիստոս մարդկութեան տուաւ խոստում, երբ ըսաւ՝ «Ես եկայ, որպէսզի դուք կեանք ունենաք, եւ լեցուն կեանք ունենաք»: Շարունակելով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ «լեցուն կեանք ունենալ կը նշանակէ Քրիստո՛սը ունենալ կեանքին մէջ, կը նշանակէ, որ մեր ներքին կեանքին մէջ լայն տեղ տուած ըլլանք Աստուծոյ, որ մեզ ստեղծեց եւ ուզեց մեզ տեսնել ճիշդ ճամբուն վրայ»: Պատգամախօս Սրբազան Հայրը միաժամանակ դիտել տուաւ, որ մարդ ըլլալնուս պատճառով բոլորս ալ ունինք մարդկային տկարութիւններ ու թերութիւններ, երբեմն ուզելով՝ գիտակցաբար, եւ երբեմն առանց ուզելու՝ անգիտակցաբար, կը մեղանչենք մեր կեանքի ընթացքին, բայց մեր կրօնքը միշտ դռները բաց պահած է իր ժողովուրդին ու իր հաւատացեալներուն առջեւ եւ մեզ կը հրաւիրէ դառնալու առ Աստուած, ո՛չ թէ տարին լոկ մէկ անգամ կամ Կիրակիէ Կիրակի, այլ ամէն օր, որպէսզի լեցնենք մեր կեանքը աստուածային սուրբ լոյսով:

«Ահաւասի՛կ լեցուն կեանքին ե՛ւ պատգամը, ե՛ւ հրաւէրը, որ կը բացուի մեր առջեւ իբրեւ դուռ, որուն անունն է Յիսուս Քրիստոս: Մեր Երկնաւոր Վարդապետը այսօր մեզի՝ երկրաւորներուս դարձեալ կ՛ըսէ՝ «Ես եմ կեանքի դուռը» եւ մեզ կը հրաւիրէ մուտք գործելու կեանքի այդ դռնէն, որպէսզի ճաշակենք յաւիտենականութեան քաղցրութիւնը», ընդգծեց Սրբազան Հայրը՝ ըսելով, որ մեր կեանքին մէջ եւ շուրջը տեսակաւոր դռներ կան միշտ՝ տարբեր գոյնի, ձեւի եւ չափերու, մեծ, փոքր, համեստ կամ գեղեցիկ ու վայելուչ դռներ, որոնց առջեւէն երբ անցնինք, երբեմն մենք մեզի հարց կու տանք, որ ի՞նչ կայ պահուած այդ դրան ետին: «Այսօր ահա հրաւիրուած ենք մտածելու այն մասին, թէ արդեօք Յիսուս Քրիստոս անուն դռան ետին ի՞նչ կայ պահուած: Հոն պահուած է կեանքի գաղտնիքը, զոր մենք թիւրիմացաբար երբեմն կը փնտռենք եւ կ՛ուզենք գտնել կամ տեսնել զանազան վայրերու մէջ, ճոխ սեղաններէն սկսեալ մինչեւ ճոխ տուներու մէջ, բայց հոն, այդ տեղերու մէջ եւս չենք բաւարարուիր եւ չենք գոհանար մեր կեանքէն, երբ Քրիստոսը չունինք մեր կեանքին մէջ»:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ նաեւ յիշեց, որ օր մը առաջ Հայ Եկեղեցին տօնեց 301 թուականին քրիստոնէութիւնը իբրեւ Հայաստանի պետական կրօնք հռչակած Տրդատ թագաւորի եւ Աշխէն թագուհիի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» տօնը, ապա հակիրճ անդրադարձ կատարեց պատմական դրուագին եւ շնորհաւորեց Ազգային Առաջնորդարանի համանուն մատրան, ինչպէս նաեւ բոլոր Տրդատ եւ Աշխէն անունը կրողներուն անուանակոչութեան տօնը: Այս առիթով, Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով շնորհաւորեց Տիկին Աշխէն Փիլաւճեանը, որուն բարերարութեամբ եւ ի յիշատակ իր ամուսնոյն՝ Ալեքսան Փիլաւճեանի, կառուցուած է «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը:

Հոգեպարար պատգամի վերջին բաժնով, Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան նշեց, որ Լիբանանէն նոր վերադարձած ըլլալով՝ հետը բերած է Արամ Ա. Վեհափառի օրհնութիւնները Արեւմտեան Թեմի զաւակաց, ապա լիբանանահայութեան ներկայ կեանքին մասին իր տպաւորութիւնները փոխանցեց հետեւեալ խօսքերով. «Սիրելի ժողովուրդ, պատգամիս առաջին բաժնով ես հրաւիրեցի մեր բոլորը՝ գոհունակ ու բաւարարուած ըլլալու մեր կեանքէն, Աստուծոյ մեզի տուածէն, որովհետեւ երբեմն մենք չենք տեսներ մեր ունեցածը, կամ չենք գիտեր մեր ունեցածին արժէքը, թէկուզ եւ մեր ունեցածը միայն ինքնաշարժ մը, տուն մը, հաց կամ ջուր է: Յաճախ, արեւմտեան կենսաձեւ որդեգրած մարդերը այս երկիրներուն մէջ կը վարժուին միշտ աւելին ունենալու, բայց երանի նիւթապէս բաւարարուած զգան իրենք զիրենք իրենց ունեցածով եւ ցանկան հոգեպէ՛ս աւելին ունենալու»: Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ մարդիկ կ՛ապրին շատ ծանր կեանք, նոյնիսկ ամէնէն տարրականը կարենալ ունենալու համար անոնք կը կրեն մեծ դժուարութիւններ: «Ասիկա չեմ ըսեր, խեղճացնելու համար լիբանանահայութիւնը, այլ կ՛ըսեմ, որպէսզի Աստուծոյ մեզի տուածէն բաժին հանենք նաեւ Լիբանանի մէջ սեւ ու մութ օրեր ապրող մեր զաւակներուն, դառնանք Աստուծոյ ձեռքը եւ օգնութեան հասնինք մեր հարազատներուն, տարեցին, մեծին, փոքրին եւ մանուկին», ընդգծեց Սրբազան Հայրը եւ աւելցուց. «Տէ՜ր, Տէ՜ր կը կանչէք,- կ՛ըսէ Յիսուս,- բայց ան որ բանտարկեալը չ՛ընդունիր իմ անունովս, ան որ անօթիին հաց չի տար, ծարաւին ջուր չի տար եւ հիւանդին դեղ չի տար, ես զինք պիտի չճանչնամ իմ արքայութեանս մէջ», ապա մղեց հաւատացեալները իրենց ունեցածէն բաժին հանելու Լիբանանի իրենց հարազատներուն ու բարեկամներուն, որոնք կը տուայտին անպատմելի տագնապներու եւ անորոշութեան մէջ:

Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ շրջափակ եւ օրհնեց մատաղն ու հոգեճաշը, որոնց հովանաւորութիւնը ստանձնած էր Ազգ. Վարչութեան փոխ ատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեան՝ ի յիշատակ նորոգ հանգուցեալ իր տիկնոջ՝ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրեալ զաւակ, բարերար եւ նուիրատու Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեանի:

Յայտնենք, որ նոյն օրը, տօնախմբութեան առիթով, Լոս Անճելըսի քաղաքապետարանէն Շնորհաւորական Գիր մը յանձնուեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ձեռամբ Կրէկ Մարթայեանի:

Close Menu

Categories