Կիրակի, 9 Փետրուար 2020-ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցին եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով եւ մատաղօրհնէքով նշեց իր անուանակոչութեան տօնը։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց, իր պատգամը ուղղեց եւ մատաղի օրհնութիւնը կատարեց։ Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ ժողովականութեան անդամներ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլն ու ընտանիքի անդամներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
Անուանակոչութեան տօնին առիթով, Առաջնորդ Սրբազանը նախ ողջունեց ու շնորհաւորեց ծխական համայնքը, բարերարներն ու հաւատացեալները եկեղեցւոյ, ապա, հրաւիրեց բոլորը Ս. Սարգիս Զօրավարին բարեխօսութիւնը խնդրելու, որ եղաւ քաջ վկան ու նահատակը Ամենասուրբ Երրորդութեան, շնորհքներու օթեւան, խնդրանքներու կատարիչ, նեղութեանց, դժուարութեանց եւ վիշտերու մէջ գտնուողներուն մխիթարիչ։ Անոր՝ որ յոյսի սաղաւարտը իր գլխուն դրած եւ աջ ձեռքին իր սուրը իբրեւ հաւատքի վահան բռնած, պատերազմեցաւ այս երկրաւոր աշխարհի չարին եւ չարութեան դէմ, Անմահին սիրով աշխարհին համար խաչուեցաւ եւ իր նահատակութեամբ արդարութեան պսակին արժանացաւ։
Խօսելով Ս. Սարգիսի կեանքին, հալածանքին եւ նահատակութեան մասին, ան նշեց, որ Ս. Սարգիս երկրաւոր թագաւորին հաւատարիմ զինուորը եղաւ, բայց մանաւանդ Երկնաւոր Թագաւորին հաւատարիմ զինուորը մնաց, որ իր կեանքի գնով ու նահատակութեամբ իր հաւատքը պաշտպանեց եւ արդարութեան պսակին արժանի եղաւ։ Օրուան Աւետարանական ընթերցումի (Յհ. 6.22-38) «Յիսուս՝ Կեանքի Հացը» դրուագը օրուան տօնին հետ զուգորդելով, Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ Ս. Սարգիսին համար երկրաւոր փառքը եւ մեծութիւնը ոչնչնութիւն էին, որովհետեւ ինք կորստական կերակուրին կարեւորութիւն չէր ընծայեր, այլ այն կերակուրին, որ յաւիտենական կեանքին համար վերապահուած էր, որ Աստուած մեզի պիտի տար Իր Միածին Որդւոյն ընդմէջէն, որ իրբեւ Կեանքի Հաց մեզի շնորհք ու պարգեւ եղաւ, որպէսզի ան որ Անոր հաւատայ յաւիտենական կեանքին արժանանայ եւ երբեք չանօթենայ ու չծարաւնայ։
«Ս. Սարգիսի օրինակով, մենք եւս մեր կեանքը պէտք է յոյսով սպառազինուած ու հաւատքով բոցավառուած առաջնորդենք եւ խնդրենք Տիրոջմէն, որ մեր հաւատքը, յոյսը եւ սէրը աւելցնէ՝ Իր պատուիրանները պահելու համար։ Մեր ցաւերուն, նեղութեանց, դժուարութեանց եւ յուսալքութեանց մէջ, ապաւինինք Աստուծոյ եւ Անոր սուրբերուն բարեխօսութեան։ Իւրաքանչիւրիս համար հաւատքը թող ըլլայ պաշտպանութեան վահան եւ յոյսը՝ սաղաւարտ փրկութեան։ Մեր աղօթքները մաքուր սրտով եւ ամբողջական հոգիով վերառաքենք առ Աստուած, որպէսզի մեր հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ճանապարհորդութեան մէջ Ինք ըլլայ մեզի համար լոյս, կեանքի հաց, կեանքի ճանապարհ, ճշմարիտ կեանք եւ ապաւէն», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը։
Ս. Պատարագի աւարտին, հոգեհանգստեան պաշտօնն ու մատաղի օրհնութիւնը տեղի ունեցան։ Աղօթք բարձրացուեցաւ եկեղեցւոյ անդրանիկ Հոգեւոր Հովիւին, բարերար ամոլին ծնողքին, երեսփոխաններու, Հոգաբարձութեան ու Տիկնանց Միութեան անդամներու եւ եկեղեցւոյ բոլոր ննջեցեալ սպասարկողներու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Ապա, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազանը թափօրով առաջնորդուեցաւ եկեղեցւոյ գաւիթը, ուր արարողութիւնը վերջ գտաւ «Կիլիկիա» ու հայրապետական մաղթերգներով եւ Հայաստանի քայլերգով։
ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ
Այնուհետեւ, ներկաները ուղղուեցան դէպի «Յովհաննէս եւ Հռիփսիմէ Ճիվելէկեան երիտասարդական կեդրոն», ուր այս առիթով տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ։ Յայտագիրը սկիզբ առաւ բացման աղօթքով։ Յանուն Հոգաբարձութեան, ատենապետ Տիար Յակոբ Ետալեան բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ներկաներուն, շնորհաւորեց Սարգիս եւ Մարտիրոս անունները կրողները, շնորհակալութիւն յայտնեց մատաղի հովանաւոր Տիկին Մակի Իլանճեանին ու բոլոր նուիրատուներուն, ինչպէս նաեւ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի ժրաջան անդամուհիներուն։
Ճաշի ընթացքին ներկաները վայելեցին հայկական ժողովրդային երգերու փունջ մը, կատարողութեամբ եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամներուն եւ ղեկավարութեամբ դպրապետ՝ Բարշ. Երուանդ Սրկ. Քէշիշեանի, իսկ փոքրիկներ Լորի եւ Սագօ Կիտցինեաններ բանաստեղծութիւններով հանդէս եկան։
Հոգեւոր հովիւը երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, որ անգամ մը եւս նախագահեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութեան եւ փոխանցեց իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնները, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Հոգաբարձութեան, Տիկնանց Միութեան, դպրաց դասին ու բոլոր նուիրատուներուն իրենց ծառայութեան ու աջակցութեան համար։
Յայտագիրը վերջ գտաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամով։ Ան մատնանշեց, որ մեր նուիրումը, զոհողութիւնը եւ ծառայութիւնը պէտք է Աստուծոյ փառքին համար ըլլան եւ ոչ թէ մեր նմաններուն կողմէ մեր հասցէին ուղղուած գովաբանութեամբ։ Ան վերահաստեց, որ հակառակ իր քաջութեան եւ կոչումներուն, Ս. Սարգիս մնաց մեր Տիրոջ խոնարհ ծառան եւ երբեք իր հաւատքէն ու սկզբունքներէն չշեղեցաւ։ Այնուհետեւ, ան յորդորեց ներկաներուն այս տօնը վերածել հաւատքի խոստովանութեան եւ ուխտի վերանորոգութեան առիթ՝ Ս. Սարգիսի օրինակին հետեւելով։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնը, Ս. Խորանի սպասարկողներն ու դպրաց դասը, անգամ մը եւս շեշտելով, որ ծառայութիւնը մեր անձի գովաբանութեան առիթ կամ միջոց պէտք չէ ըլլայ։ Մէջբերելով «Ինչ որ կը ցանես, զայն կը հնձես» առածը, կոչ ուղղեց մշտապէս սէր, բարութիւն եւ ծառայութիւն ցանել։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը աւարտեց օրհնութիւնները փոխանցելով բոլորին։