
Առաջնորդ Սրբազանը Հանդիսապետեց Քահամի Խաղերու Փակման Հանդիսութեան
Կիրակի, 9 Մարտ 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Պըրմինկհամ Երկրորդական վարժարանի մարզադաշտին մէջ նախագահեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ազգային վարժարաններու ՔԱՀԱՄ-ի խաղերու փակման հանդիսութեան, որ նոյն ատեն կը նշէր բացումը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 48-րդ Նաւասարդեան խաղերուն, որոնք տեղի պիտի ունենան ընթացիկ տարուան 3-6 Յուլիսին:
Այս առիթով Գեղամ Արքեպիսկոպոս բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ն ու իր կազմակերպած մարզական ամէնամեայ տեսակ-տեսակ խաղերը՝ դիտել տալով, որ անոնք հայ նոր սերունդի պատանի ու երիտասարդ զաւակներու, այլեւ աշակերտական խումբերու մրցունակութեան ոգին բարձրացնելու լաւագոյն առիթը կը հանդիսանան, ինչպէս նաեւ հայ տղոց ու աղջիկներու հոգիին մէջ յաղթանակի հասնելու ձգտումը կը խթանեն՝ հայ ազգի կեանքին մէջ ստեղծելով հպարտութեան նորանոր առիթներ: