
Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Հոլիվուտի Ազգ. Ա. եւ Ռ. Փիլիպոս Երկրդ. վարժարանի 5-րդ կարգի աշակերտներուն, որոնց կ՛ընկերակցէին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան, վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկին Դոկտ. Սիւզի Օհանեան եւ պատասխանատու ուսուցիչներ:
Մատղաշ աշակերտները իրենց տարիքին համապատասխան գեղարուեստական ճոխ յայտագիր ներկայացուցին, ապա Տնօրէնուհին երախտագիտական խօսք արտասանեց Ազգ. Առաջնորդարանի հոգածութեան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցուցաբերած գուրգուրոտ վերաբերումին համար եւ այս առիթով փոքրիկներու ձեռամբ պատրաստուած յուշանուէր մը յանձնեց Սրբազան Հօր:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս առաջնորդական իր եզրափակիչ խօսքով գնահատեց հայ պատանի աշակերտները իրենց հայախօսութեան եւ հայկական ոգիին համար, ապա Ազգ. Առաջնորդարան այցելութիւնը նկատեց հաղորդակցութեան կարեւոր կերպ՝ իրենց յիշողութեան մէջ վառ պահելու համար ազգային ինքնութիւնն ու հայեցի պատկանելիութիւնը: Այնուհետեւ, ան իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց բոլորին եւ իբրեւ հայոց պատմութեան եզակի դասապահ՝ Փիլիպոս վարժարանի տղաքը առաջնորդեց մատուռ, ուր աղօթական պահէն ետք, անոնց բացատրեց մատուռի պատերուն տեղադրուած՝ հայ-քրիստոնեայ աշակերտին պատկանելիութեան զգացումն ու ազգայնականութիւնը ամրապնդող երեք գեղանկարները, դիտել տալով, որ անոնք կը ներկայացնեն Գրիգոր Լուսաւորիչ առաջին Հայրապետ Կաթողիկոսը, հայոց գիրերու գիւտարար Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետը եւ քրիստոնեայ Հայաստանի՝ յանուն ազգային հաւատքի մղուած Վարդանանց պատերազմը, ապա շեշտեց ըսելով, որ այս երեք նկարները հայ քրիստոնեայ ազգի հիմնարար կռուանները կը հանդիսանան դարերէ ի վեր, որուն հաւատարիմ կը մնան ազգ ու հայրենիք մինչեւ օրս:
Դրուատելով փոքրիկներուն այցը Ազգ. Առաջնորդարան, Սրբազան Հայրը խրատեց աշակերտները մնալու ազգի ածուին մէջ նաեւ ապագային եւ հայոց հաւատքին ու հայրենիքին, ազգին ու ազգային արժէքներուն համահունչ ապրիլ իրենց կեանքի ամբողջ տեւողութեան: