
Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Վարչութիւնը, Կրօնական ժողովն ու Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզի մեծ ընտանիքը ուրախութեամբ կը յայտարարեն, որ վերջերս ձեռք բերուած է Թաւլեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի կից տարածքը, որ պիտի ծառայէ մանկամսուրի ընդլայման: Նոր բաժինը պիտի յատկացուի մանկապարտէզի տնօրէնութեան եւ քարտուղարութեան գրասենեակներու, եւ առիթ ընծայէ մանկամսուրի ներկայի նոյն բաժինը իբրեւ դասարան գործածելու եւ ընդունելու սպասման ցանկին վրայ մեծ թիւով նոր աշակերտներ:
Այս առիթով, Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուրի վարիչ՝ Դոկտ. Կարին Չուքատարեան շեշտեց. «Այս նոր կալուածը սոսկ տարածք մը չէ, այլ մեր ապագային նուիրուած ներդրում մը, որ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ մեր մատղաշ սերունդին աճելու այնպիսի միջավայրի մէջ, ուր անոնք պիտի ուռճանան ուսումնական, ընկերային եւ զգացական գետնի վրայ, աւելի եւս պիտի կապուին իրենց արմատներուն՝ հայ լեզուին, հայ մշակոյթին ու հայ ժառանգութեան։ Մանկամսուրի տարածքին ընդարձակումը վառ ապացոյց է մեր երկարամեայ յանձնառութեան, որակեալ կրթութիւն ջամբելու հայ մանուկին եւ հասնելու մեր համայնքի կարիքներուն», դիտել տուաւ Դոկտ. Չուքատարեան։
«Մեր տեսլականը միշտ եղած է դաստիարակել մեր մատղաշ սերունդը իբրեւ ապագայի ինքնավստահ, գիտակից առաջնորդներ», ըսաւ Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուրի Ուսումնական մարմինի ատենապետ՝ Սարօ Շիրինեան, հաստատելով, որ նոր բաժինը գիրկ կը հանդիսանայ բոլոր այն փոքրիկներուն, որոնց ընտանիքները կը փափաքին իրենց երեխաները ղրկել հայ դպրոց, եւ հայ աշակերտը պատրաստել բարձր ուսումնառութեամբ եւ հայ մշակոյթի անկորնչելի արժէքներով։
Ընդարձակման այս ծրագիրը անյետաձգելի հրամայական մըն էր, որ իրականութիւն դարձաւ Երեքշաբթի, 1 Յուլիս 2025-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Սրբազանի հովանաւորութեամբ, շնորհիւ Մանկամսուրի տնօրէնութեան, Ուսումնական Մարմինի, գաղութի զաւակներու, բարերարներու, Ազգային Վարչութեան եւ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ժրաջան հետեւողականութեան ու համագործակցութեան։
Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան ընդգծեց, որ աւելի քան կէս դար, Ազգային վարժարաններու ընդարձակումը Արեւմտեան Թեմի հիմնական առաքելութիւններէն մին հանդիսացած է։ «Մանկամսուրները մեր ազգային գոյատեւման ամրոցներն են, ուր մեր մանուկները իրենց ուսման առաջին նախաքայլերը կ՚առնեն։ Այս մեծ նուաճումը պերճախօս վկայութիւնն է այն անձնուէր նուիրեալներուն, որոնց աջակցութեամբ կեանքի կոչուեցաւ Թաւլեան ընտանիքի վաղեմի երազանքը»։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց Մանկամսուր-մանկապարտէզի մեծ ընտանիքը՝ ըսելով. «Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզը ո՛չ միայն որպէս կառոյց կ՚ընդարձակուի, այլեւ հոգեպէս ու մտապէս կը բարգաւաճի՝ ուսման միջոցով շարունակելով իր հայանուէր առաքելութիւնը եւ պահպանելով մեր ոսկեղնիկ մշակոյթը։ Աւելի՛ն. այս մանկասուրը մեր գալիք բոլոր սերունդերուն համար պիտի դառնայ մեր հաւատքին, լեզուին ու ժառանգութեան փարոսը»։
Նշենք, որ 1992 թուականին Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուր-մանկապարտէզը իր դուռները բացած էր ընդամէնը չորս աշակերտներով։ Ան այսօր դարձած է Փասատինայի հայ-ամերիկեան ծաղկող համայնքի յենասիւներէն մին եւ ունի կրթական բարձր մակարդակ։ Վերջին երեք տասնամեակներու ընթացքին Թաւլեան մանկամսուրէն անցած են 2-5 տարեկան հազարաւոր հայ մանուկներ, որոնց ամէնօրեայ դրութեամբ ջամբուած է բարձր եւ որակաւոր կրթութիւն ապահով ու հայեցի միջավայրի մէջ: