Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ամառնային Ս. Գրային Ճամբար Ս. Քառասնից Մանկանց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Իններորդ Տարեկան Ս. Գրային Վարժարանը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ

By August 15, 2025No Comments

Օգոստոս 4-8, 2025 թուականները յատկանշական օրեր էին Օրէնճ Քաունթիի գաղութի մատղաշ սերունդին համար։ Իններորդ տարին ըլլալով, Ս. Քառասնից Մանկանց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ սկիզբ առած ու գործող ամառնային Ս. Գրային վարժարանը կրկին բացած էր իր դռները եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեանի եւ հոգաբարձութեան։ Այս տարի 65 աշակերտներ մասնակից դարձան այս ծրագրին։ Աշակերտներէն շատեր կը յաճախեն Կիրակնօրեայ վարժարան, Արի Կիրակոս Մինասեան Ազգային վարժարան եւ կը ծառայեն եկեղեցւոյ Ս. Խորանին։

Դպրոցի ուսուցիչներն ու կամաւոր օգնականները արդէն պատրաստած էին յատուկ ծրագիրներ, առաւել հետաքրքրական եւ գրաւիչ դարձնելու դասաւանդուած նիւթերը։ Իւրաքանչիւր տարիքի բաժանում ունէր իր յատուկ ծրագիրը։ Ըստ խումբերու բաժանումին, անոնք սորվեցան աղօթքներ, սաղմոսներ, շարականներ, երգեր, արտասանութիւններ եւ ունեցան Ս. Գրոց սերտողութեան ու ձեռային աշխատանքի պահեր, իրենց մէջ հիմնաւորելով ու արմատաւորելով քրիստոնէական ու հայեցի նկարագիրը, ինչպէս նաեւ լեցուելով հայ եկեղեցւոյ դարաւոր արժէքներով։ Դասընթացքները կը ներկայացուէին արդիական լսատեսողական միջոցներով։

Վարժարանի վերջին օրը՝ Ուրբաթ առաւօտ, աշակերտները հաւաքուեցան եկեղեցւոյ մէջ, ուր նաեւ ներկայ էին ծնողներ։ Աշակերտները ներկայացուցին կոկիկ յայտագիր մը։ Անոնք դասարան առ դասարան ներկաներուն հրամցուցին իրենց սորված աղօթքներէն, սաղմոսներէն ու շարականներէն։ Իւրաքանչիւր աշակերտ Տէր Հօր ձեռքով ստացաւ մասնակցութեան վկայագիր, իսկ ուսուցիչներն ու կամաւորները ստացան գնահատական վկայագիր։

Դասընթացքը իր աւարտին հասաւ ջրախաղով ու այլ խաղերու պահով, որմէ ետք աշակերտները վերադարձան իրենց տուները, իրենց հետ տանելով նոր գիտելիքներ, հոգեւոր կեանքի փորձառութիւններ, գեղեցիկ ու անմոռանալի յիշատակներ։

Close Menu

Categories