
Կիրակի, 7 Սեպտեմբեր 2025-ին երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, թեմակալ այլ հոգեւորականներու կողքին, ներկայ եղաւ Հայ Կրթական հիմնարկութեան 75-րդ տարեդարձին նուիրուած կալա-ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկի շքեղ սրահին մէջ:
Գեղամ Արքեպիսկոպոս հանդէս եկաւ բացման աղօթքով եւ կատարեց սեղաններու օրհնութիւն: