Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Գնահատեց Եւ Օրհնեց Հօմի Շրջ. Վարչութեան Եւ «Արարատ Տան» 40-Ամեայ Գործակցութիւնը

By June 13, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 3 Յունիս 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան իր ներկայութեամբ պատուեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջ. վարչութեան եւ «Արարատ Տան» միջեւ 4 տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող գործակցութիւնը, որ յատուկ ճաշկերոյթով նշուեցաւ «Արարատ Տուն»-ի Միշըն Հիլզի կառոյցին մէջ, ուր աւելի քան 150 հօմուհիներ եւ հիւրեր հաց կիսեցին իրենց կեանքի վերջալուսային հանգիստին տրուած հայ տարեց մայրերու, քոյրերու, հայրերու, եղբայրներու եւ հարազատներու հետ՝ շարունակելով ողջունելի աւանդութիւն մը, որ 40 տարուան ճամբայ կտրած եւ հասած է մինչեւ մեր օրերը:

Արդարեւ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս դրուատանքով արտայայտուեցաւ պարզուած գեղեցիկ երեւոյթին մասին՝ վեր առնելով գաղութի կառոյցներու միջեւ ստեղծուած գործակցութեան ոգին, այս պարագային՝ ՀՕՄ-ի Շրջ. վարչութեան եւ «Արարատ Տան»: «Ոգի մը, որ յաջողութեամբ կը շարունակուի քառասուն տարիէ ի վեր եւ իր բարերար պտուղները կու տայ մեր հաւաքական կեանքին մէջ», ըսաւ Առաջնորդ Սրբազանը եւ իր օրհնութեան ու գնահատանքի ջերմ խօսքերը ուղղեց երկու կառոյցներու պատասխանատուներուն, ապա գգուանքով արտայայտուեցաւ հայ տարեցներու դէմքերուն վրայ ժպիտներ ծաղկեցնող գործակցական ոգիէն յառաջացած նման նախաձեռնութիւններու մասին ու քաջալերական խօսքերով իր զօրակցութիւնը յայտնեց բոլոր այն աւանդական ծրագիրներուն, «որոնք ուղղակիօրէն կ՛ազդեն Լոս Անճելըսի հայկական կեանքի առաւել հզօրացման եւ բարգաւաճման», աւելցուց ան:

Close Menu

Categories