Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբի Նոր Կազմը

By June 3, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգային Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի նորընտիր յանձնախումբին, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Օշին Յարութիւնեանի: Հանդիպման ներկայ եղան նաեւ Ազգ. վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան եւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան։

Ծանօթացման բնոյթ կրող սոյն հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին շնորհաւորեց Արեւմտեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի նորընտիր կազմը, ապա իր խօսքին մէջ դրուատանքով արտայայտուեցաւ Հայ Դատի աշխարհացրիւ յանձնախումբերու տասնամեակներու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու տարածքին տարուող աշխատանքներուն մասին եւ իր աջակցութիւնը յայտնեց նորընտիր կազմի ծրագիրներուն:

Փոխադարձ ծանօթացման հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ, որ յանձնախումբի անդամները, իրենց կարգին, Հայ Եկեղեցւոյ խորհուրդով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջալերական խօսքերով լեցուին ու շնորհակալութեամբ ստանան Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթական օրհնութիւնները:

Close Menu

Categories