Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ընդունեց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանը Եւ Վեր. Սերոբ Մկրտիչեանը

By June 9, 2025No Comments

Երկուշաբթի, 2 Յունիս 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց բարեկամական այցելութիւնը Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական Ծոցի Ընդհանուր քարտուղար Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի եւ Կլենտէյլի Հայ Նազովրեցի եկեղեցւոյ Վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեանի, որոնց հետ ան ունեցաւ եռակողմ մտերմիկ զրոյց, որուն ընթացքին արծարծուեցան Հայ Եկեղեցին յուզող հարցեր, այլեւ անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենական եւ սփիւռքի հայութեան մարդկային ու ընկերային հարցերուն:

Այս առիթով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր բարեկամներուն նուիրեց իր տնօրինումով, Ազգ. Առաջնորդարանի հրատարակութեամբ եւ Դոկտ. Սեդա Տատոյեանի հեղինակութեամբ վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ լոյս տեսած՝ «Ներսէս Դ. Շնորհալի եւ Ժողովուրդին ու Եկեղեցիին Գոյատեւումը Արեւմտեան Հայաշխարհին Մէջ» երկլեզու գիրքէն օրինակներ:

Close Menu

Categories