
Կիրակի, 25 Մայիս 2025-ի առաւօտեան, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 107-ամեակին առիթով, Արեւմտեան Թեմի եկեղեցիներուն մէջ կատարուեցան Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, յանուն հայոց պետականութեան անսասանութեան եւ հայկական դրօշի անխափան ծածանման Հայաստանի, Սփիւռքի եւ համայն աշխարհի բոլոր հայերու սրտերուն մէջ:
Այս առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, հանդիսապետեց եւ քարոզեց Քրեսենթա հովիտի Ս. Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ Ս. եւ անմահ Պատարագին, եւ յընթացս արարողութեան կատարեց Հանրապետական մաղթանք եւ Եռագոյն դրօշի օրհնութիւն, աղօթական ջերմութեամբ լեցնելով սրտերը դրօշակակիր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սկաուտներու եւ եկեղեցին լեցուցած հաւատացեալներու: Արարողութեան ներկայ էր Ազգ. վարչութեան փոխ ատենապետ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան:
Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ այս օրհնաբեր առիթ է եւ խիստ յատկանշական պահ մեր հայրենիքի եւ համայն հայ ժողովուրդին համար: Մեր սրտագին մաղթանքն է, որ հայոց պետականութիւնն ու անոր խորհրդանիշ Եռագոյն դրօշը՝ տասնամեակներու ընթացքին նուիրականացած աւանդութեան հիմամբ այս եւ գալիք բոլոր տարիներուն եւս արժանանան համաժողովրդային ջերմեռանդ աղօթքի ու օրհնուին իբրեւ հայ ժողովուրդի ամենաոգեղէն ու մեծագոյն արժէք եւ ազգային ինքնութեան երաշխիք:
Խօսելով Աստուածաշունչին մէջ արձանագրուած հիմնական սկզբունքներէն ամբողջական յանձնառութեան մասին, որ հոգեւոր առումով մարդ արարածը կ՛ընէ Յիսուս Քրիստոսի հաւատարիմ եւ յանձնառու հետեւորդ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ այնպէս ինչպէս իւրաքանչիւր քրիստոնեայ մարդ իր խաչը ամբողջական յանձնառութեամբ եւ անտրտունջ պէտք է կրէ այս աշխարհին մէջ, այդպէս ալ, հայութեան կեանքէն ներս, հայ-քրիստոնեայ մարդը պէտք է, որ իր հայրենիքը գիտակցօրէն ու ամբողջական յանձնառութեամբ սիրէ եւ ըստ կարելւոյն նուիրուի անոր բարգաւաճման յոյժ կարեւոր գործին՝ Հայաստան հայրենիքն ու հայոց պետականութիւնը դաւանելով իր ազգի կեանքի մէջ փայփայուած ամենագերագոյն արժէքներ:
Յայտնենք, որ յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նաեւ նախագահեց Ազգ. Առաջնորդարանի նուիրեալ բարերարուհի՝ հանգուցեալ Տիկին Սաթիկ Յովհաննէսեանի հոգւոյն խաղաղութեան նուիրուած հոգեհանգստեան պաշտօնին: