Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Շնորհաւորեց Ազգ. Լեւոն Եւ Յասմիկ Թաւլեան Մանկամսուրի Վերամուտը

By August 29, 2025No Comments

Ուրբաթ, 22 Օգոստոս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ շրջանի Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի եւ Ազգ. վարչութեան անդամ՝ Տիար Ռոնի Ղարիպեանի, ներկայ եղաւ Փասատինայի Ազգ. Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկամսուրի վերամուտի հանդիսութեան, արտասանեց սրտի խօսք, ապա շնորհաւորեց կառոյցի անձնակազմը, հին եւ նոր աշակերտներն ու անոնց ծնողները՝ դիտել տալով, որ Ազգ. մանկամսուրի մեր սիրասուն փոքրիկները առաջին հերթին իրենց անմիջական ընտանիքներուն, վարժարանին ու մանաւանդ համայնքի կեանքը կը պայծառացնեն՝ հանդիսանալով լուսաւոր ապագայի երաշխիքներ:

Յայտնենք, որ վերամուտի հանդիսութեան ընթացքին ներկաներու շարքին էին Փասատինայի քաղաքապետարանի անդամ՝ Տիար Էրիք Քոլ, շրջանի հոգաբարձութեան, ուսումնական, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը այցելեց մանկամսուրի կողքին նոր գնուած կալուածը, ծանօթացաւ կրթական կառոյցի ընդլայնման ծրագիրներուն եւ տարուելիք նոր աշխատանքներուն, կատարեց ցուցմունքներ, ապա հայրական շնորհաւորութիւններ եւ օրհնութիւններ բաշխեց Ազգ. մանկամսուրի ամբողջական ընտանիքին եւ յաջողութիւն մաղթեց հայաշատ քաղաքի հոգեւոր, ազգային, կրթական ու մշակութային ծրագիրներուն:

Close Menu

Categories