Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Օրհնեց Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան Վարժարանի Վերջին Կարգերու Աշակերտները

By June 6, 2025No Comments

Երկուշաբթի, 2 Յունիս 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Օրէնճ Քաունթիի Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան նախակրթարանի վերջին երկու՝ 5-րդ եւ 6-րդ դասարաններու աշակերտութեան, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի՝ Տիկին Անի Շահինեան-Սարգիսեանի եւ ուսուցիչներու: Այցելութեան ներկայ եղաւ նաեւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան:

Արդարեւ, աւարտական դասարանը՝ Հայաստան մեկնելու նախօրէին եկած էր Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ հայրական յատուկ օրհնութիւններ ստանալու, ինչպէս այս մասին իր խօսքին մէջ ըսաւ տնօրէնուհին, որ վարժարանին անունով ուրախութիւն յայտնեց՝ վարժարանին նկատմամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ցուցաբերած ուշադրութեան եւ հայրական հոգատար վերաբերումին համար:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, իր կարգին, մեծ ուրախութեամբ լեցուեցաւ երբ իրարու ետեւէ եւ գեղարուեստական վարպետութեամբ կազմակերպուած աշակերտական յայտագիրին հաղորդ դարձաւ: Աղօթական ու հայրենասիրական ապրումներու ճոխութեամբ մատուցուած աշակերտական յայտագիրը ըմբոշխնելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դրուատեց աշակերտներուն, անոնց ուսուցիչներուն եւ վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ տարուած գնահատելի աշխատանքը եւ իր հայրական ջերմ խօսքերը, ուղեցոյց-խրատներն ու օրհնութիւնները փոխանցեց Հայաստան մեկնող իւրաքանչիւր աշակերտի, թելադրելով անոնց օրագիր պատրաստել եւ հայրենիք իրենց առաջին այցելութեան քաղցրութիւնն ու ապրուած անմոռանալի յուշերը ամփոփել տետրակի մը մէջ, ապագային վերստին կարդալու համար զանոնք:

Ազգ. Առաջնորդարան այցելութիւնը ընդգրկեց նաեւ աղօթական պահ՝ կառոյցի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռի լուսաւոր պատերուն ներքեւ, ուր երկիւղածութեամբ հաւաքուեցան Ազգ. Արի Կիրակոս Մինասեան վարժարանի մեծ ու փոքր այցելուները եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջնորդութեամբ վայելեցին հայոց ազգային ու եկեղեցական պատմութիւնը յուզող դրուագներ:

Իրենց Հոգեւոր առաջնորդին հետ կողք կողքի ու միասնաբար, պատանի աշակերտները նաեւ երգեցին աղօթք ու քայլերգ եւ ականջալուր եղան Գեղամ Արքեպիսկոպոսի՝ «Ազգ. Առաջնորդարանը, այս Հոգեւոր կեդրոնը ձեր երկրորդ տունն է» սրտառուչ խօսքին, ապա անոր հայրական օրհնութիւնները իրենց հետ առած՝ վերստին այցելելու խոստումով բաժնուեցան Ազգ. Առաջնորդարանէն: Բոլոր աշակերտները նաեւ ստացան յուշանուէրներ Առաջնորդի ձեռամբ:

Close Menu

Categories