
Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս նախագահեց եւ իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած մեր ժողովուրդի հազարաւոր զաւակներուն։
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Ներկայ էին միաբան ու քահանայ հայրեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատեապետներ ու անդամներ, թեմի ազգային իշխանութեան անդամներ, բարերարներ, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներն ու հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն առաջ խօսք առաւ առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ան հոգեկան գոհունակութեամբ ողջունեց Նորին սրբութեան ներկայութիւնը Կլենտէյլի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ուր հազարաւոր հայորդիներ եկած են իրենց հովուապետը դիմաւորելու եւ ստանալու հայրական ու հայրապետական օրհնութիւն։ «Վեհափա՛ռ Տէր, այսօր յատկապէս, մեր ժողովուրդի զաւակները եկած են ձեզի հետ ըլլալու, ձեր ներկայութիւնը վայելելու եւ իրնեց հաւատքն ու հաւատարմութիւնը յայտնելու մեր սուրբ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Հետեւաբար, Վեհափա՛ռ Տէր, մեր ազգի զաւակները ծարաւը ունենալով ձեր հայրապետական խօսքերուն եւ ցուցմունքներուն՝ կը հրաւիրեմ ձեզ ձեր հայրապետական պատգամը ուղղելու», ըսաւ ան։
Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամին որպէս բնաբան ընտրած էր Քրիստոսի առակներէն՝ ճարպիկ տնտեսի առակէն հետեւեալ արտայայտութիւնը՝ «Տուր քու տնտեսութեանդ հաշիւը»: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. «Քրիստոս յաճախ առակներու ճամբով իր հետեւորդներուն կը փոխանցէր իր պատգամները, եւ այդ առակները առնուած էին ընկերութեան կեանքէն։ Տնտեսի առակին մէջ գործատու մեծահարուստ անձը, իր տնտեսին ուղղելով խօսքը, կ՚ըսէ՝ տո՛ւր քու կատարած գործերուդ հաշիւը։
«Հաշուետուութիւնը մարդկային կեանքի ամէնէն կարեւոր երեւոյթներէն մէկն է։ Մարդկային փոխ-յարաբերութիւնը, զանազան մակարդակներու վրայ ու զանազան մարզերէ ներս, հիմնուած է համարատուութեան վրայ։ Մարդ արարածը ինքնակեդրոն գոյութիւն մը չէ. ան մնայուն ու բազմերես յարաբերութեան մէջ է. յարաբերութիւն՝ Աստուծոյ հետ, յարաբերութիւն՝ իր նմանին հետ, յարաբերութիւն՝ ընկերութեան զանազան կառոյցներուն հետ, իր ընտանիքին հետ եւ, վերջապէս, իր անձին հետ։ Ամէն տեսակ յարաբերութեան մէջ կեդրոնական ներկայութիւն է հաշուետուութիւնը. հաշուետուութիւն՝ իր կատարած գործին, իր յարաբերութեան, իր իրագործումներուն ու թերացումներուն, վերջապէս, հաշուետուութիւն՝ իր ապրած կեանքին»:
Առնչելով Աստուածաշունչին փոխանցած ճշմարտութիւններն ու մարդկային կեանքին՝ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Երբ բանանք Աստուածաշունչի առաջին էջերը պիտի տեսնենք, որ առաջին հաշուետուութիւնը Աստուած Ի՛նք պահանջեց Իր ստեղծած Ադամէն ու Եւայէն։ Աստուած անոնց պատասխանատուութիւն մը տուած էր եւ այդ պատասխանատուութեան հաշիւը պահանջեց։ Ադամն ու Եւան թերացան իրենց պարտաւորութեան մէջ. Աստուած պատժեց զիրենք՝ վտարելով դրախտէն։ Հաշուետուութիւնը, ինչպէս ըսինք, ո՛չ միայն քրիստոնէութեան բարոյագիտութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկն է, այլ՝ ընդհանրապէս մարդկային։ Ի՞նչ կրնար ըլլալ մարդկային կեանքը, երբ բացակայէր հաշուետուութիւնը։ Որպէս հայ, ի՞նչ է մեզմէ պահանջուած հաշուետուութիւնը.
ա) Հաշուետուութիւն՝ Աստուծոյ նկատմամբ։ Երբ Աստուած ստեղծեց Ադամն ու Եւան, անոնց շնորհեց լայն ազատութիւն, միաժամանակ, անոնց պարտաւորութիւն մը տուաւ՝ փաստելու Իր արարածներուն հաւատարմութիւնը իրենց Ստեղծիչին նկատմամբ։ Ադամն ու Եւան թերացան իրենց հաշուետուութեան մէջ։ Առաջին հերթին մենք հաշուետու ենք Աստուծոյ։ Աստուած կը հետեւի մեզի. մեր կեանքի իւրաքանչիւր րոպէին Աստուած մեզի հետ է՝ եթէ նոյնիսկ մենք հեռու ենք Անկէ։ Ներկայ աշխարհին մէջ ամէն անկիւն տեսախցիկ դրուած է՝ հետեւելու մարդոց շարժումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ նշմարել որեւէ սխալ արարք։ Մենք չենք անդրադառնար, որ ամէնէն զօրեղ տեսախցիկը կը գտնուի երկինքի մէջ. Ասուած կը հետեւի մեզի՝ համարատուութիւն պահանջելով մեզմէ։
բ) Հաշուետուութիւն՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ։ Մեր եկեղեցին սովորական կառոյց մը չէ. Աստուածամարդկային իրականութիւն մըն է ան մեր կեանքէն ներս, որպէս Քրիստոսի խորհրդական մարմինը, որուն բոլորս մաս կը կազմենք։ Որպէս անդամներ եկեղեցւոյ, կոչուած ենք համարատու ըլլալու մեր կեանքին ու գործին նկատմամբ։ Եկեղեցւոյ տէրը Քրիստոս է. հետեւաբար, համարատու ըլլալ եկեղեցւոյ կը նշանակէ համարատու ըլլալ Քրիստոսի։
գ) Հաշուետուութիւն՝ ազգին նկատմամբ։ Մենք մէ՛կ ազգ ենք, պայմաններու պարտադրանքով ցրուած աշխարհի բոլոր կողմերը։ Սակայն, մեր հաւաքական հաւատքը, հայրենիքը, մշակոյթը, պատմութիւնը, մեր արժէքներն ու իտէալները մեզ կը կապեն իրարու՝ մեզի տալով ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւն։ Իւրաքանչիւր հայ մէկ ազգի պատկանելիութեան նկատմամբ պէտք է համարատու զգայ, որովհետեւ պատկանելիութիւն կ’ենթադրէ համարատուութիւն։
դ) Հաշուետուութիւն՝ ընտանիքին նկատմամբ։ Ընտանիքը ազգի մը, ընկերութեան մը գոյութեան հիմքն է։ Մեզի համար ընտանիքը սրբութիւն է. սոսկ այր ու կնոջ գոյակցութիւնը չէ, այլ բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած հաւաքական կեանք է։ Եւ ճիշդ այս պատճառով, ընտանիքը մեզի համար նկատուած է փոքր եկեղեցի ու հայրենիք։ Հետեւաբար, մենք պէտք է համարատու ըլլանք՝ մեր ընտանիքը առողջ պահելու գծով։
ե) Վերջապէս, այս բոլորէն առաջ, հաշուետուութիւն մեր անձին նկատմամբ։ Արդարեւ, երբ մէկը իր անձին նկատմամբ համարատու չէ, ինչպէ՞ս կրնայ համարատու ըլլալ իր անձէն վեր՝ Աստուծոյ, ազգին, հայրենիքին, եկեղեցւոյ ու ընտանիքին նկատմամբ։ Բազմաբեւեռ համարատուութեան մէջ մեր անձին նկատմամբ ունեցած մեր համարատուութիւնը անկասկած վճռական դեր ունի։
«Ինչպէս դրախտին մէջ Աստուած նախ պարտաւորութիւն տուաւ Ադամին ու Եւային եւ ապա հաշիւ պահանջեց, այնպէս ալ մեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է պարտաւոր զգայ իր հաւատարմութիւնն ու պատասխանատուութիւնը հայրենիքին, ազգին, եկեղեցւոյ ու ընտանիքին նկատմամբ ճի՛շդ կերպով կատարելու, որպէսզի կարենայ ճակատաբաց պատրաստ ըլլալ հաշուետուութեան Աստուծոյ առջեւ, երբ Աստուած հաշիւ պահանջէ մեզմէ՝ մեր ապրած կեանքին համար», եզրափակեց իր պատգամը Վեհափառ Կաթողիկոսը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետ, հոգեւորականաց դաս, ազգայիններ եւ ժողովուրդ, դպրաց դասուն երգակցութեամբ միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը։



















