
«ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԸ ԱՌԱՆՑՔԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ԱԹՈՌԻՆ ՄԱՐԴԱԿԵՐՏՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ»
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Այս շեշտաւորումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2025-ին, Դպրեվանքի աջակցութեան համար կազմակերպուած ճաշկերոյթի ընթացքին։
Ճաշկերոյթը կազմակերպուած էր Գրիգոր Թօփալեանի կողմէ։ Յաջորդաբար խօսք առին առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան, Գերշ. Տ. Թորգոմ Արք. Տօնոյեան, Միքօ Մելքոնեան ու Կարօ Ղազարեան։
Աւարտին, խօսք առնելով Վեհափառ Հայրապետը՝ անդրադարձաւ Դպրեվանքի առաքելութեան. «Անթիլիասական հոգեւորականի կազմաւորման հիմքը Դպրեվանքն է։ Դպրեվանքը միայն գիտութիւն չի ջամբեր, այլ մարդուն մէջ կը թրծէ մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդին ծառայելու ոգին ու նուիրումը։ Այսօր, որեւէ ժամանակէ աւելի, կարիքը ունինք մարդու՝ ազգին, հայրենիքին ու եկեղեցւոյ յանձնառու նուիրումով ծառայելու լծուած մարդու»։ Ապա, որպէս գնահատանք երկար տարիներու ծառայութեան, յատկապէս հայ դատի աշխատանքներու ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով պատուեց Լեւոն Կիրակոսեանը։
Վեհափառ Հայրապետին մեկնումէն ետք, յիշեալ հաւաքը շարունակուեցաւ՝ առիթ հանդիսանալով ներկաներուն միջեւ մտերմիկ զրոյցներու` Հայաստանը, Սփիւռքը եւ Ամերիկայի հայ գաղութը յուզող հարցերու շուրջ. հարցեր, որոնց Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձած էր՝ շեշտելով համազգային արժէքներու շուրջ համախմբուելու հրամայական անհրաժեշտութիւնը։










