Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ի Յիշատակ Ազգային Բարերար Հրայր Սողոմոնեանի Տէր Եւ Տիկին Յարութ Եւ Լենա Սողոմոնեան Կը Ստանձնեն «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ամանորի Եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք»Ի Գլխաւոր Հովանաւորութիւնը

By November 26, 2025No Comments

Ուրբաթ, 21 Նոյեմբեր 2025-ի կէսօրին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, ընդունեց այցելութիւնը Տէր եւ Տիկին Յարութ եւ Լենա Սողոմոնեաններու, որոնք ընդառաջելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր առաջարկին, կը ստանձնեն Ազգային Առաջնորդարանի Ամանորեան եւ Ս. Ծննդեան ընթրիքի գլխաւոր հովանաւորութիւնը, ի յիշատակ Տիար Սողոմոնեանի եղբօր՝ համահայկական բարերար եւ հանրածանօթ բարեգործ, հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախ բարձր գնահատեց իր այցելուներուն՝ Սողոմոնեան ամոլի Արեւմտեան Թեմէն ներս եկեղեցաշէն ու հայանուէր վաստակը եւ ընդհանրապէս՝ Սողոմոնեան ընտանիքի բարեսիրական գործունէութիւնը հայկական իրականութեան մէջ, ապա իր գոհունակութիւնը յայտնեց ազնիւ զոյգին՝ Ազգային Առաջնորդարանի տարեկան միակ հասութաբեր ձեռնարկին գլխաւոր հովանաւորութիւնը ստանձնելուն առիթով:

Իր կարգին, Տիար Սողոմոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ շեշտեց, որ Ընթրիքի գլխաւոր բարերարութիւնը կը ստանձնեն ի յիշատակ իր եղբօր, որ տասնամեակներ ամբողջ իր անսակարկ զօրակցութիւնը բերած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աթոռոյ պայծառացման ի նպաստ եւ ի յարգանս անոր համահայկական գործունէութեան:

Յայտնենք, որ հանդիպման նաեւ ներկայ եղան Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Օրէնճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Գարեգին Քհնյ. Պետուրեան եւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան:

Close Menu

Categories