Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Հաղորդագրութիւն – Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան» Հիմնադրամը Կրթանպաստ Կը Տրամադրէ Երեք Հայ Ուսանողներու

By August 29, 2025No Comments

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Յարութ Պարսամեան կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, գոհունակութեամբ կը յայտնէ, որ քննելէ ետք 2025-2026 տարեշրջանի համար ներկայացուած դիմումնագրերը, կրթանպաստի արժանացուց երեք ուսանողներ՝ Գէորգ Սողոմոնեան (UC Santa Barbara), Արի Մաճիկեան (Georgia Institute of Technology) եւ Վարդան Յարութիւն Ելտըզ (New York University):

Միացեալ Նահանգներու համալսարաններու մէջ այս ուսանողները կը հետեւին գիտական տարբեր մասնագիտութեանց, ցարդ ձեռք բերած են շատ փայլուն արդիւնքներ եւ գործօն մասնակցութիւն կը բերեն գաղութի ազգային կեանքի զանազան բնագաւառներէ ներս։

«Յարութ Պարսամեան կրթանպաստ» հիմնադրամի յանձնախումբին անդամներն են Դոկտ. Կարօ Յակոբեան եւ Օր. Շաքէ Պօղարեան։

Կը շնորհաւորենք եւ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր ուսանողներուն։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Close Menu

Categories