
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան ու Արեւելեան Հայոց Թեմերու Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Լեւոն ԺԴ. Պապի գահակալութեան արարողութեան, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Մայիս 2025-ին, Վատիկանի մէջ։
Յաջորդ օր, Երկուշաբթի, 19 Մայիս 2025-ին, ժամը 9:00-ին, Պապը Վատիկանի ընդունելութեան դահլիճին մէջ ընդունեց պատուիրակութեանց ներկայացուցիչները, որուն մաս կը կազմէին նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը։ Դիմելով Քոյր Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն՝ Պապը նախ անդրադարձաւ «համընդհանուր եղբայրութեան» գաղափարին, յիշելով իր նախորդները՝ յատկապէս Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ-ի նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիսկոս Պապի խթանած միջ-եկեղեցական ճանապարհն ու կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը, որոնք սերմանուած են անձնական շփումներու ու մարդկային հանդիպումներու միջոցով։ Պապը նաեւ շեշտեց, որ քրիստոնեաներու միասնութիւնը տեղի կ՚ունենայ միայն այն ժամանակ, երբ մենք «միասնական ենք Յիսուս Քրիստոսով», որովհետեւ «որքան հաւատարիմ ու հնազանդ ըլլանք Անոր, այնքան իրարու միաւորուած կ՚ըլլանք», եւ այդ իսկ պատճառով բոլոր քրիստոնեաները կանչուած են միասին աղօթելու եւ համագործակցելու՝ այդ նպատակի իրականացման համար։
Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը Վեհափառ Հայրապետին եղբայրական ողջոյններն ու բարեմաղթութիւնմերը փոփանցեցին նորընտիր Պապին։
Յայտնենք, որ Հայ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական բոլոր աթոռները ներկայացուած էին իրենց պատուիրակներով։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը կը ներկայացնէին Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան ու Գերշ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, իսկ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը՝ Գերշ. Տ. Կորիւն Եպս. Պաղտասարեան եւ Հոգշ. Աղան Վրդ. Գոգճեան։