
Շաբաթ, 27 Սեպտեմբեր 2025-ի երեկոյեան, հաւատքի նահատակ Ս. Գէորգ Զօրավարի տօնին առիթով, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ Պատարագ մատոյց եւ քարոզեց՝ նշանաբան ունենալով Ղուկաս Աւետարանի 10-րդ գլուխին մէջ նշուած՝ «Վախցէք Աստուծմէ, որ ձեզ սպաննելէ ետք իշխանութիւն ունի դժոխք նետելու» բառերը:
Ս. Խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Արսէն Քհնյ. Գասապեան եւ դպիրներ, եկեղեցական երգեցողութիւնը ղեկավարեց Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երգչախումբի ղեկավար Երուանդ Սրկ. Քէշիշեան: Նաեւ, տեղւոյն երգեցիկ խումբին միացան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ երգչախումբէն անդամներ, որոնք աւելի եւս ճոխացուցին հոգեւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան Ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիար Յովիկ Պետեւեան, եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամին մէջ համապատասխան բացատրութիւններով վեր առաւ իրենց հաւատքին ու Քրիստոսի փառքին համար նահատակուած սուրբերն ու մարտիրոսները, յատկապէս Գէորգ զօրավարն ու հետեւորդները՝ շեշտելով, որ անոնք չվախցան մարմինի մահէն, այլ նահատակուեցան՝ իրենց հոգիներու փրկութեան եւ Յիսուս Քրիստոս անուն վէմի վրայ ամրացուցած իրենց հաւատքին համար, որպէսզի փրկեն իրենց հոգիները եւ արժանի ըլլան յաւիտենական կեանքի աստուածային բարիքներուն:
Իր պատգամին մէջ՝ «բուն մահը հոգիի յաւիտենական կորուստն է», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ ըսաւ, որ սուրբերն ու յանուն Քրիստոսի նահատակուածները այս իրականութիւնը լաւագոյնս բացայայտեցին՝ նիւթական աշխարհի մէջ իրենց նահատակութեամբ, որպէսզի իրենց հոգիները դժոխքի բաժին չըլլան, այլ զԱստուած փառաբանեն երկինքի մէջ:
Իր բնաբանի միտք բանին պատշաճեցնելով հաւաքական ապրելաձեւը խթանող ազգային տրամաբանութեան, Գեղամ Արքեպիսկոպոս անդրադարձաւ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ պատմուած անմիտ հարուստ մարդու առակին եւ նշեց, որ նիւթական աշխարհը չէ մարդուս ապահովութեան երաշխիքը, այլ՝ ազգային առումով՝ մեր հաւաքական կեանքին մէջ մնայուն հարստութիւններու ստեղծումը, որ մեր ցեղային արժէքներու պահպանումէն անդին՝ կ՛ենթադրէ այդ արժէքներու արդիականացումը, զանոնք ժամանակակից ու հաղորդական դարձնելով ի կեանս պահելը, «գնայուն» այս կեանքի մէջ «մնայուն» եւ օրինակելի առաքինութիւններ ու արժէքներ ստեղծելն ու տարածելը, «որպէսզի մեր հաւաքական, ազգային կեանքի շարունակականութիւնն ու յարատեւ վերելքը կարելի ըլլայ ապահովել նաեւ գալիք ժամանակներու մէջ», աւելցուց ան:
Յետ մատաղօրհնէքի, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահ, ուր շնորհաւորեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնն ու Գէորգ անունը կրողները եւ գնահատեց համայնքային կեանքը ծաղկեցնող կամաւորական աշխատանքի անսպառ ոգին, ապա սեղանակիցը եղաւ եկեղեցւոյ ընտանիքին եւ իր հայրական յորդորներուն ընդմէջէն մշտանորոգ թափ, անհատնում ուժ ու կանաչ կորով մաղթեց շրջանի հայութեան: