Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի Արեւմտեան Թեմ Հովուապետական Այցելութեան Ծիրէն Ներս՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Այցելեց UCLA Համալսարան

By September 26, 2025No Comments

Հինգշաբթի, 18 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտուն, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, այցելեց UCLA համալսարան եւ հանդիպում ունեցաւ Promise Armenian Institute (PAI)-ի տնօրէն՝ Փրոֆ. Անն Քարակոզեանի հետ: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՛ընկերակցէր Տիկին Դոկտ. Յասմիկ Պարան:

Հանդիպման տուն տուող պատճառը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Արեւմտեան Թեմ հովուապետական այցելութեան առիթով, UCLA-ի մէջ տեղի ունենալիք դասախօսական երեկոյին կապուած մանրամասնութիւններու քննարկումն ու անհրաժեշտ դասաւորումներու վերջնականացումն էին:

Հանդիպման ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մօտէն ծանօթացաւ հիմնարկի գործունէութեան, գնահատեց կեդրոնը, տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը յատկապէս իրենց հայանպաստ նախաձեռնութիւններուն եւ գիտամշակութային ծրագիրներուն համար, ապա Վեհափառ Հայրապետի նշեալ դասախօսական ձեռնարկին կապուած անհրաժեշտ ցուցմունքներ տուաւ այս առիթով յառաջացած յատուկ յանձնախումբին, որուն գլխաւոր անդամն է Դոկտ. Պարան, որ նաեւ անդամ է Ազգ. վարժարաններու Խնամակալ մարմինին:

Յայտնենք, որ Արամ Ա. Կաթողիկոս անգլերէնով պիտի դասախօսէ Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2025-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, UCLA-ի Fowler Auditorium-ին մէջ: Հրաւիրուած են համալսարանական ուսանողներ, դասախօսներ, մասնագէտներ եւ ազգայիններ: Մուտքը ազատ է:

Տեղեկացնենք, որ Promise Armenian Institute-ը հիմնուած է 2019-ին, UCLA-ի մէջ, Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեանի տեսլականով եւ համազգային բարերար Քըրք Քրքորեանի ունեցուածքէն իշխանական նուիրատուութեամբ: Հիմնարկը կը գործէ իբրեւ վերլուծական կեդրոն՝ համաշխարհային մակարդակի հետազօտութիւններու, հայագիտական դասաւանդութիւններու եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գիտական ուսումնասիրութեանց:

Close Menu

Categories