Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լոս Անճելըսի Քաղաքապետարան

By November 3, 2025No Comments

Ընկերակցութեամբ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ սրբազան հօր, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան համա-ատենապետներուն, թեմի ազգային իշխանութեան անդամներուն եւ միաբան հայրերու, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Լոս Անճելըսի քաղաքապետարան, Երեքշաբթի, 28 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան։

Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ քաղաքապետութեան խորհուրդի նախագահին` Մարքիս Հերիս Տասընի, խորհուրդի հայազգի անդամ Ատրին Նազարեանի եւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքը ներկայացնող ազգայիններու կողմէ։

Խորհուրդի նախագահը նիստի ընթացքին ողջունեց Հայրապետին այցելութիւնը եւ հակիրճ կերպով ներկայացուց անոր կենսագրական գիծերը։ Ապա, խօսք առաւ Ատրին Նազարեան ու նիստին համապարփակ կերպով ու յաւելեալ տեղեկութիւններով ներկայացուց Վեհափառ Կաթողիկոսը ու հրաւիրեց զայն՝ արտասանելու իր խօսքը։

Արամ Ա. Կաթողիկոս ողջունելով «Հրեշտակներու քաղաք»ը՝ յիշեցուց, որ հայ համայնքը կարեւոր դեր ունի յատկապէս տնտեսական մարզին մէջ։ Ան շեշտեց, որ քաղաքապետութեան հիմնական ծառայութիւնը ծառայել է ժողովուրդին եւ հսկել անոր ապահովութեան ու բարեկեցութեան։ Հայրապետը նաեւ ողջունեց երիտասարդներու ներկայութիւնն ու գործօն մասնակցութիւնը խորհուրդի կազմին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներուն։

Նշենք, որ Հայրապետին պատգամը ուղիղ եթերով պատկերասփռուեցաւ տեղական զանազան կայաններէ։

Close Menu

Categories