Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ֆրեզնոյի Մէջ

By November 6, 2025No Comments

Երեքշաբթի, 4 Նոյեմբեր 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւարտելով Լոս Անճելըսի իր հովուապետական այցելութեան ծրագիրը, իր պատուիրակութեան անդամներուն հետ միասին ժամանեց Ֆրեզնօ։ Պատուիրակութեան անդամներն են Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Հայոց թեմերու առաջնորդներ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Գրիգոր Մահսերեճեան, Գերշ. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Գերշ. Տ. Թորգորմ Արք. Տօնոյեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան եւ Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքի պատասխանատու ու գաւազանակիր Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան։

Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Աշոտ Վրդ. Խաչատուրեանի եւ հոգաբարձութեան կողմէ։

Նոյն օրը երեկոյեան, ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին սիրոյ սեղան մը սարքուեցաւ։ Ներկայ էին շուրջ հարիւր ազգայիններ՝ բարերարներ եւ հոգաբարձութեան անդամներ։ Յաջորդաբար խօսք առին հոգեւոր հովիւը, Գրիգոր Մահսերեճեանը եւ Անուշաւան արքեպիսկոպոսը։ Երեկոն վարեց Դպրեվանքի նախկին աշակերտ եւ արեւմտեան թեմի ազգային վարչութեան անդամ Մարք Շիրին։ Անոնք անդրադարձան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անցնող 30 տարիներու ընթացքին զանազան բնագաւառներէ ներս կատարուած իրագործումներուն, միաժամանակ շեշտեցին Կաթողիկոսութեան հետզհետէ ծաւալող համազգային առաքելութեան կարեւորութիւնը։

Իր փակման խօսքին մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս նախ անդրադարձաւ հովուապետական այցելութեան իր բնաբանին՝ «Հաւատք, հաւատարմութիւն եւ համախմբում»։ Ապա, ամփոփ կերպով խօսեցաւ երկու հարցադրումներու մասին՝ ներկայ աշխարհին մէջ ի՞նչ կը նշանակէ քրիստոնեայ ըլլալ. ինչպէ՞ս կ՚ապրինք քրիստոնէական հաւատքը։ Ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալ. ինչպէ՞ս կ՚ապրինք մեր հայութիւնը։ Անգլերէն լեզուով ուղղած իր պատգամին մէջ, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ յիշեալ հարցադրումներուն տեսական պէտք չէ մօտենալ, այլ՝ գոյութենական, որովհետեւ թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ հայութեան պատկանելիութիւնը ինքնահասկացողութիւն է եւ կեանքի որակ ու ուղեցոյց։

Երեկոն աւարտեցաւ միաբերան «Կիլիկիա» երգեցողութեամբ։

Close Menu

Categories