
Կիրակի, 2 Նոյեմբեր 2025-ին, ի պատիւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պաշտօնական ճաշկերոյթ մը կազմակերպուեցաւ Ազգային առաջնորդարանին կողմէ, «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ շուրջ 1,000 ազգայիններու, որոնց կարգին էին նաեւ ազգային բարերարներն ու մարմիններու ներկայացուցիչները:
Ճաշկերոյթի հանդիսավարութիւնը կատարեց Դալար Պոյաճեան։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք խօսք առաւ Արեւմտեան թեմի Ազգային իշխանութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան։ Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս ըսաւ, թէ Ամերիկայի Արեւմտեան հայոց թեմին համար մեծ պատիւ է հիւրընկալել Վեհափառ Հայրապետը՝ ինը երկար տարիներու բացակայութենէ ետք։ Արդարեւ, Հայրապետին այցելութիւնը մեր գաղութին համար խթան պիտի հանդիսանայ առաւել եւս ամրապնդելու մեր ծառայական նուիրումը եւ վերակազմակերպելու մեր համայնքային կեանքը՝ հզօրացնելով մեր մշակութային, միութենական ու կրթական կեանքի ոլորտները։
Գեղարուեստական կոկիկ յայտագրի եւ Վեհափառ Կաթողիկոսին գահակալութեան 30-ամեակին նուիրուած տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, բեմ հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հայրը՝ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ. «Վեհափա՛ռ Տէր, հովուապետական իւրաքանչիւր այցելութիւն, որ կը շնորհէք որեւէ թեմի, նոր հանգրուանի մը ղօղանջն է, որ կը հնչեցնէք թեմի կեանքէն ներս։ Ձեր հայրապետական ներկայութեամբ` դուք, ձեր իսկ հարազատ բառերով՝ «լաւէն լաւագոյնին» կը հրաւիրէք հայկական համայնքն ու շրջանը, որ ձեր այցելութեամբ կը կենսաւորուի եւ կ՚ապրի ուժերու գերլարում, ապա կը մղուի նոր թափով հունաւորելու իր ներքին կեանքը, որովհետեւ ձեր այցելութիւնը, ձեր հօտի այս կամ այն հատուածին, ամէնէն վճիտ իմաստով դրականօրէն կը հրահրէ համայնքի մը ամբողջ կարողականութիւնը՝ ո՛չ միայն նորանոր կարելիութիւններ ստեղծելու ու գործելու ցանկութեամբ, այլեւ աշխատանքով ու ջանասիրութեամբ, ի խնդիր հայկական կեանքի առաւել զարգացման ու բարգաւաճման»։
Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքի աւարտին, յանուն թեմին, Գեղամ արքեպիսկոպոս հայրապետական ասա ու մատանի նուիրեց Վեհափառ Հայրապետին՝ անսասանութեան ամենաջերմ բարեմաղթանքներով։
Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքէն ետք, ընդառաջելով թեմին փափաքին, Վեհափառ Հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով պատուեց հետեւեալ ազգայինները՝ Տոքթ. Էրիք Իսրայէլեան, դոկտ. Մայք Սարեան, տէր եւ տիկին Յովսէփ ու Էլիզապէթ Պոյաճեան, դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան եւ Գօգօ Թօփալեան: Անոնք իրենց ազգային ծառայութեամբ եւ նիւթական բարերարութեամբ մեծ ներդրում ունեցած են ընդհանրապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ու յատկապէս Արեւմտեան թեմի առաքելութեան մէջ:
Ճաշկերոյթի աւարտին Նորին Սրբութիւնը խօսք առնելով՝ ըսաւ. «Արեւմտեան թեմ կատարած հովուապետական այցելութեան որպէս հայրապետական պատգամ հետեւեալը ըսի մեր ժողովուրդին՝ ամուր պահեցէք ձեր հաւատքը ու հաւատարմութիւնը՝ համախմբուելով մեր հոգեւոր, կրթական, մշակութային ու ազգային կառոյցներուն շուրջ։ Ես վստահ եմ, որ մեր թեմին պատկանող իւրաքանչիւր անհատ համաձայն է ինծի, որովհետեւ որեւէ ժամանակէ աւելի մենք հրամայական կարիքը ունինք մեր անձերէն ու կառոյցներէն վեր՝ հաւատքի խորացման, հաւատարմութեան ամրացման ու միասնականութեան ամրապնդման։ Հոն ուր հաւատքը կը տկարանայ, հաւատարմութիւնը կը թուլանայ եւ միասնականութիւնը կը խախտի, հոն կը տիրէ անորոշութիւն ու նահանջ»։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ կեդրոնացաւ թեմի պարզած դրական իրավիճակին. «Անցնող օրերու ընթացքին, շատ բան տեսայ ու լսեցի եւ մանաւանդ շատ բան զգացի՝ տեսանելի երեւոյթներէն ու իրողութիւններէն անդին։ Ղեկավարը կոչուած է տեսնելու երեւոյթներէն ու իրողութիւններէն անդին եւ համապատասխան արժեւորումներ կատարելու ու մօտեցումներ ճշդելու։
«Կ’ուզեմ խոր գոհունակութեամբ հաստատել, որ թեմը վերականգնումի դրական ընթացքի մէջ է։ Իմ սպասումս է, որ վերականգնումի ընթացքը վերածուի վերազարթօնքի՝ համախմբուելով մեր համայնքային կառոյցներուն շուրջ։ Կ’ուզեմ վստահեցնել, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ձեզի հետ է, զօրակից ու գործակից ձեր աշխատանքներուն»։
Ապա, Նորին Սուրբ Օծութիւնը անգլերէն լեզուով շարունակեց իր խօսքը եւ մտածումները ամփոփեց չորս հիմնական կէտերով ՝
Առաջին հերթին, ան դրուատեց բազմազանութիւնը եւ ըսաւ, որ գաղութային հարցերու նկատմամբ մարդիկ կրնան տարբեր տեսակէտներ եւ սկզբունքներ ունենալ, սակայն հարկ է չարտօնել, որ այդ մէկը համայնքը բեւեռացման տանի: Տարբեր կարծիքները պէտք են համընկնին եկեղեցւոյ եւ գաղութին օգտին:
Ան դիտել տուաւ, որ մեր կառոյցները եւ հաստատութիւնները պէտք ունին թարմացման եւ բացատրեց, որ ինքնաքննութեան մէջ հարկ է ներգրաւել գաղութի բոլոր ազդակները՝ յստակացնելով մեր առաջնահերթութիւնները եւ նոր ոճ ու միթոտաբանութիւններ, որոնք քայլ կը պահեն ներկայ իրականութեան եւ պահանջներուն հետ: Ապա թէ ոչ՝ գաղութը կը կորսնցնէ իր արդիականացումը եւ սերունդներու միջեւ բացը ա՛լ աւելի կը խորանայ, ըսաւ ան:
Երրորդ կէտին մէջ, Հայրապետը նշեց, որ երիտասարդները մարտահրաւէրի դիմաց կը գտնուին, երբ հարցը կը վերաբերի գաղութի տարբեր ոլորտներու մէջ անոնց հիմնական դերակատարութեան ներգրաւման: Անոնք մասնագէտներ են եւ քաջածանօթ են աշխարհին՝ իր բոլոր բարդութիւններով եւ հնարաւորութիւններով, վերելքներով եւ վայրէջքներով: Երիտասարդութիւնը կ’ուզէ կարծրատիպերը փոխարինել նոր մտածողութեամբ, ուստի, մեզմէ կ’ակնկալուի քաջալեր հանդիսանալ անոնց՝ տարածքներ ապահովելով անոնց գործուն մասնակցութեան մեր եկեղեցւոյ եւ գաղութի կեանքին մէջ:
Վերջապէս, ան յայտնեց, որ մեր եկեղեցիները թանգարաններու պէտք չէ վերածել, այլ աւելիո՛վ դարձնել ժողովուրդով եւ ժողովուրդին համար: Հետեւաբար, Նորին Սրբութիւնը վեր առաւ եկեղեցւոյ վերակենսաւորման անհրաժեշտութիւնը: Անընդհատ փոփոխութիւններու ենթարկուող աշխարհի մը մէջ մեր եկեղեցին կոչուած է քայլ պահելու փոփոխութիւններուն հետ: Մեր կաթողիկոսութիւնը տարբեր մակարդակներու վրայ արդէն իսկ այս ուղղութեան վրայ է:
Ան իր խօսքը եզրակացուց ըսելով, «Հաւատք, հաւատարմութիւն և միասնութիւն։ Այս պէտք չէ պարզապէս լոզունք դառնայ, այլ՝ կեանքի որակ, որ կ’ուղղէ մեր միտքն ու գործունէութիւնը եւ կը պահպանէ մեր համայնքային կեանքը»:



























