Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի 48-Րդ Նաւասարդեան Մարզախաղերուն – Ընթերցում՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կոնդակին – Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդական Խօսք՝ «Յաղթանակի Պարահանդէս»-Ին

By July 14, 2025No Comments

Կիրակի, 6 Յուլիս 2025-ին, Պըրմինկհամ Հայ Սքուլի մարզադաշտին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական եւ սկաուտական խումբերու հանդիսաւոր տողանցքով եզրափակուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Նաւասարդեան 48-րդ տարուան մարզախաղերը, որուն ընթացքին Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, ներկայացուց Թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանը, որ այդ օրերուն ընտանեկան հարկադրիչ պարագաներու բերումով կը գտնուէր Պէյրութ, Լիբանան:

Առաջնորդ Սրբազան Հօր տնօրինումով՝ Տ. Ռազմիկ Աւ. Քահանայ ընթերցեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսի կոնդակը՝ նուիրուած Արեւմտեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Նաւասարդեան խաղերու» 48-րդ փառատօնին:

Յայտնենք, որ Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ի երեկոյեան, Լոս Անճելըսի Սենչըրի Փլազայի պանդոկի շքեղ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան 48-րդ մարզախաղերու «Յաղթանակի պարահանդէս»ը, որուն ընթացքին եւս Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան, իբրեւ ներկայացուցիչ, ընթերցեց Առաջնորդ՝ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի օրհնութեան եւ գնահատանքի գիրը, որով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կը դրուատէր Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան աշխարհատարած գործունէութիւնը, յատկապէս շեշտելով Արեւմտեան այս ափերուն ամէն տարի կազմակերպուող հպարտառիթ «Նաւասարդեան»ները եւ համայն հայութեան կեանքէն ներս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խաղացած դերին կարեւորութիւնն ու անոր ծառայական դաշտերուն արդիւնաւէտութիւնը:

Close Menu

Categories