Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Ս. Խաչվերաց Տաղաւար Տօնը Մոնթեպելլոյի Մէջ – Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Պատարագեց, Քարոզեց, Ռեհանի Եւ Մատաղի Օրհնութիւն Կատարեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Անուանակոչութեան Տօնին Առիթով

By September 19, 2025No Comments

Կիրակի, 14 Սեպտեմբեր 2025-ի առաւօտեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ս. Խաչվերաց տաղաւար տօնին առիթով հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց, քարոզեց, ռեհանի օրհնութիւն կատարեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի մէջ, ապա եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով շնորհաւորեց Ս. Խաչ ծխական համայնքի զաւակները եւ եկեղեցւոյ Բաղրամեան սրահին մէջ կատարեց մատաղի օրհնութիւն:

Եկեղեցւոյ Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Ս. Խաչ Մայր Տաճարի անուանակոչութեան տօնին առիթով շրջանին տուած հայրական այցելութեան համար, մինչ Տէրունական սեղանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան, սարկաւագներ եւ դպիրներ: Սրահը լեցուցած եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքի շարքին էր նաեւ Ազգային վարչութեան անդամ՝ Տիար Ճէք Հաճինեան:

Յընթացս Ս. Պատարագի արտասանած իր պատգամին մէջ, Գեղամ Արքեպիսկոպոս իր խօսքը ամրապնդեց՝ «Ս. Խաչը գաւազան զօրութեան հաւատացելոց» բառերով եւ շեշտեց Խաչվերացի տօնի հիմնական երեք նպատակները՝ ըսելով, որ Քրիստոս Իր խաչով առաջին հերթին մարդկութիւնը ազատեց մեղքի ճիրաններէն, երկրորդ՝ Իր պատարագումով խաչին վրայ, Ան հաշտութեան միջոց հանդիսացաւ Աստուծոյ եւ մարդկութեան միջեւ, երրորդ՝ Խաչեալն Քրիստոս Իր յարութեամբ յաղթեց մահուան՝ մեղաւոր մարդկութեան առջեւ բանալով յաւիտենական կեանքի ճամբան:

Յետ արարողութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ Բաղրամեան սրահ, ուր կատարեց մատաղի օրհնութիւն, ապա նախագահեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան առիթով կազմակերպուած ճաշկերոյթին, որուն ներկայ եղան համայնքի զաւակներ եւ եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներ: Ճաշկերոյթի ընթացքին, Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան առաջկին ընդառաջելով, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ձեռամբ գնահատանքի յուշատախտակով պատուեց Ս․ Խաչ եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի երկարամեայ անձնուէր դաստիարակ Տիկին Մատլէն Թաթոյեանը։

Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ներկաները, գնահատեց բոլորին նուիրուածութիւնը ի նպաստ համայնքային կեանքի յառաջդիմութեան եւ եկեղեցւոյ ծրագիրներու յաջողութեան, ապա անոնց շնորհեց հայրական իր օրհնութիւններն ու սրտագին բարեմաղթութիւնները:

Close Menu

Categories