Skip to main content
search
Գլխաւոր Էջ (Lուրեր)Գլխաւոր Լուրեր

Վեհափառ Հայրապետը Փասատինայի Մէջ

By November 5, 2025No Comments

Հակառակ այն իրողութեան, որ Փասատինայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ այցելութիւնը մաս չէր կազմեր Վեհափառ Հայրապետին խճողուած ժամանակացոյցին, սակայն ընդառաջելով ժողովուրդի փափաքին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, որուն օծումը կատարած էր շուրջ 20 տարի առաջ։

Կանոնական Աղօթքէն ետք, Արեւմտեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան խօսք առնելով յանուն շրջանի հայորդիներուն՝ ըսաւ, թէ Նորին Սրբութեան շնորհաբաշխ այցելութիւնը առ հասարակ Արեւմտեան հայոց թեմին եւ մասնաւորաբար Փասատինայի հայութեան մեծ ուրախութիւն, խանդավառութիւն ու հոգեւոր ցնծութիւն բերաւ։ Ուստի, այս շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած հայորդիները իրենց խորին երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը կը յայտնեն այս օրհնաբեր այցելութեան համար։

Ապա, Հայրապետը իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց հաւատացեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ 20 տարի ետք դարձեալ կը գտնուի այս եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առիթով, ան կոչ ուղղեց փասատինահայութեան, որ իր գործօն մասնակցութիւնը բերէ եկեղեցւոյ ու գաղութի կեանքին մէջ։

Եկեղեցական արարողութենէն ետք, ի պատիւ Նորին Սրբութեան ճաշկերոյթ մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ուր նաեւ ներկայ էին եկեղեցւոյ բարերար Սարգիս եւ Սիւզան Կիտցինեան ամոլը։ Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առաւ ամոլին դուստրը՝ Վանայ Կիտցինեան։ Իր խօսքին մէջ ան յատկապէս անդրադարձաւ Վեհափառ Հայրապետին միջ-եկեղեցական գործունէութեան։ Յայտնենք, որ իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Վ. Կիտցինեան մասնակցած է զանազան միջ-եկեղեցական ժողովներու տարբեր երկիրներու մէջ։

Close Menu

Categories