
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմ հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեցին ազգայիններ ու բարերարներ, միաժամանակ Հայրապետը ինք այցելեց շարք մը կառոյցներու ու մարմիններու.
Նորին Սրբութիւնը հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի արեւմտեան շրջանի Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէին հետ՝ ներկայութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչին եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համա-ատենապետին։ Արծարծուեցան շարք մը հարցեր՝ Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուած։
Վեհափառ Հայրապետը այցելեց շինութեան ընթացքի մէջ գտնուող Հայկական-Ամերիկեան Թանգարան։ Նորին Սուրբ Օծութեան կողքին ներկայ էին թանգարանին առնչուած պատասխանատու մարմինները եւ Հայրապետին պատուիրակութեան անդամները։ Գնահատելով թանգարանի կառուցման նախաձեռնութիւնը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց թանգարանին ճամբով հայ արժէքներն ու աւանդութիւնները ամերիկեան ընկերութեան ներկայացնելու կարեւորութիւնը։
Ընդառաջելով արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի շրջանային վարչութեան հրաւէրին, Արամ Ա. Կաթողիկոս այցելեց Համազգայինի նոր կեդրոնատեղին եւ ներկաներուն իր օրհնութեան խօսքը ուղղելով՝ ըսաւ, թէ մեր մշակութային արժէքներու պահպանումն ու տարածումը հրամայական առաքելութիւն մըն է, որուն լծուած է Համազգայինը։
Վեհափառ հայրապետը նախագահեց Մայք Սարեանի գնած հիւանդանոցի բացման հանդիսութեան, ուր իր խօսքը ուղղելով՝ գնահատեց յիշեալ նախաձեռնութիւնը եւ կոչ ուղղեց գործակցելու ազգային առաջնորդարանին հետ։




















